Տնտեսութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Դէպի Սուրիա Լրացուցիչ Թռիչքներու Իրականացման

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը 26 յուլիսին նամակ մը յղած էր տնտեսութեան նախարարութեան «Արմաւիա» ընկերութեան այն յայտարարութեան առնչութեամբ, որ վերջինս պատրաստ է լրացուցիչ թռիչքներ իրականացնելու Սուրիոյ ուղղութեամբ միայն, եթէ կառավարութիւնը իւրաքանչիւր տոմսի համար 100 հազար դրամ յատկացնէ:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցելու դէպի Սուրիա լրացուցիչ թռիչքի իրականացման: Տնտեսութեան նախարարութիւնը նկատել տուաւ, որ այդ խնդիրի լուծման համար անհրաժեշտ է ներգրաւել նաեւ այլ կառոյցներ, մասնաւորաբար ելեւմուտքի նախարարութեան, քաղաքացիական օդանաւորութեան գլխաւոր վարչութեան եւ շահագրգիռ այլ կողմերուն:

Աւելի՛ն, տնտեսութեան նախարարութիւնը աւելցուց, որ վերջնական որոշումը պէտք է տայ կառավարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES