Մ. Իսկանտարեան Կը Ներառուի FILA-ի Փառքի Դահլիճին

1992 թուականին յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան, Ռուսիոյ եռակի ախոյեան Մնացական Իսկանտարեան Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մէջ կը ներառուի Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի (FILA) Փառքի դահլիճին:

Յատուկ արարողութեան պիտի նախորդեն Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի կիներու եւ տղամարդոց մրցումները, որոնք կը սկսին 5 օգոստոսին: Բացի Իսկանտարեանէն, կը ներառուի նաեւ յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեան:

Share this Article
CATEGORIES