Դրուագներ Ողիմպիական Խաղերէն. Տան Հաշիւը Շուկան Չբռնեց

Բրիտանիոյ կառավարութեան յոյսերը` մեծ գումարներ շահելու Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու օրերուն, չեն արդարացած: Ըստ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին, այդ երկիրը այցելած մարզասէրները գրեթէ դուրս չեն գար ողիմպիական պուրակէն, համալիրէն եւ բնականաբար, գումար չեն ծախսեր հանգիստի համար:

Թերթը կ՛աւելցնէ, որ հակառակ ողիմպիական ակնկալութիւններուն, Լոնտոնը բառացիօրէն վերածուած է «քաղաք-ուրուականի»:

Զբօսաշրջիկներ, որոնք աւանդաբար ամրան ամիսներուն բրիտանական մայրաքաղաք կ՛այցելէին, յետաձգած են իրենց այցելութիւնը` սպասելով խաղերու աւարտին:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» նաեւ կը գրէ, որ խաղերը դիտելու համար Լոնտոն այցելած է աւելի քան 100 հազար մարդ, որ նախորդ խաղերու ժամանակ արձանագրուած թիւէն աւելի է: Առաջին տպաւորութեամբ ասիկա մեծ թիւ է, սակայն ամէն ամառ Լոնտոն կ՛այցելեն շուրջ 300 հարիւր հազար զբօսաշրջիկներ, որոնք վաճառատուներ, շարժանկարի սրահներ, պանդոկներ, թանգարաններ եւ ճաշարաններ կ՛այցելեն` մսխելով խոշոր գումարներ: Ըստ այդ հաստատութիւններուն, Լոնտոնի ողիմպիական խաղերը այս ամառ ամբողջութեամբ կործանած են իրենց պիզնեսը: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը թէեւ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած, կամ այդպէս ցոյց կու տայ, սակայն փաստը այն է, որ տան հաշիւը շուկան չէ բռնած…

Ազրպէյճանական Պարկեշտութի՜ին

ԼՈՆՏՈՆԻ ողիմպիական խաղերու վաճառքին կապուած գայթակղութիւն մը տեղի ունեցաւ: Անխուսափելիօրէն կը յիշատակուին ազրպէյճանցիներու անուններ:

Խաղերու տոմսերը վաճառուած են «սեւ» շուկայի մէջ: Ազրպէյճանի դրօշը ուսին նետած մարդ մը, անվճար տոմսերը վաճառած է Լոնտոնի մարզահամալիրին մօտ: Տոմսավաճառին շապիկին փակցուած է Ազրպէյճանի ողիմպիական ազգային կոմիտէի նշանը, իսկ ձեռքին մէջ ան բռնած է 3 օգոստոսին տեղի ունենալիք բռնցքամարտի մրցումներուն «տոմսերը»:

Մարդը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից է, եւ թէ տոմսերը իրենց եւ այլ աշխատակիցներու, որոնք նոյնպէս կը շրջին Լոնտոնի փողոցներուն մէջ, տուած է նախարարութիւնը:

Ըստ օրէնքի, «սեւ» շուկայի մէջ տոմսեր վաճառող անձերու 20 հազար եւրոյի տուգանք կամ 6 ամսուան բանտարկութիւն կը սպառնայ:

Խաղերուն սկիզբէն ձերբակալուած են այսպիսի 29 անձեր:

Այս առնչութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն կամ մեկնաբանութիւն չըրաւ, միայն բաւարարուեցաւ յայտարարելով, որ այս փաստին մասին տեղեկութիւն չէ ստացած, եւ կը հետաքննէ միջադէպը: «Դու սպասիր, ես կը գամ»…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )