Յաջողութեան Գինը Այսպէ՞ս Պէտք Է Ըլլայ
1980-ական թուականներուն Չինաստանի համայնավար կուսակցութիւնը որոշեց, որ երկրին մարզիկները այլեւս պէտք չէ «նսեմանան» միջազգային մրցումներուն մէջ իրենց անյաջող արդիւնքներուն համար, ուրեմն այդ վիճակը սրբագրելու համար որոշուեցաւ «դաստիարակել» ապագայ ախոյեաններու ամբողջ սերունդ մը:
Այդ նպատակով ուսուցիչներուն հրամայուեցաւ ուշադիր ըլլալ աշակերտներուն նկատմամբ, անոնց մէջ մարզական ունակութիւններ կամ ֆիզիքական լաւ տուեալներ նկատելով անմիջապէս տեղեկացնել շրջաններու մարզիչներուն, որոնք պարտաւոր են ուղարկել այդ պատանիները, երեխաները մարզումներու համար նախատեսուած 3 հազար նոր ճամբարներ, ուր անոնք «կը ծրագրաւորուին» միայն բաղձալի ոսկի մետալը նուաճելու համար: Ճամբարի պատերուն վրայ խոշոր տառերով գրուած է. «Ոսկի»: Ատիկա կատարուած է այն նպատակով, որ երեխաները բնաւ չմոռնան իրենց կեանքի գլխաւոր նպատակը. Ոսկի:
Մարզական արտաքինով եւ ունակութիւններով աչքառու երեխաները կ՛անջատուին իրենց ծնողներէն եւ կը տեղափոխուին նման ճամբարներ, ուր զանոնք կը կերակրեն միայն կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներով, սնունդով: Բացի ատկէ, երեխաներուն այնքան յաճախակի կը ներարկուին սթերոյթներ, որ արդէն 30 տարեկանին անոնք կը տառապին արիւնի աւելցուկէ, սրտի անկանոն աշխատանքէ եւ այլ առողջական խնդիրներէ:
Ճամբարներուն մէջ բնակող ապագայ մարզիկներէն շատերը արցունքները աչքերուն կը պատմեն, որ անընդհատ ծեծի կ՛ենթարկուին իրենց մարզիչներուն կողմէ:
7 տարի առաջ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն խոստացած էր հետաքննել, եւ այս հարցին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուեցաւ:
Միջազգային լրատու միջոցներուն մէջ նաեւ աղմուկ բարձրացուցին քանի մը լուսանկարներ, որոնք հրապարակուեցան անցեալ տարուան յունուարին:
Այդ նկարներուն մէջ պարզ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս փոքր երեխաները ծանր մարզումներու ընթացքին ցաւէն կու լան:
Վերջերս, հանգստեան կոչուած քանի մը չինացի մարզիկներ խզեցին երկար տարիներու լռութիւնը եւ պատմեցին այդ ճամբարներուն մէջ իրենց անցուցած օրերուն մասին, որոնց հետեւանքով մարզական ասպարէզը աւարտելէ ետք, անոնք չեն կրցած այլ աշխատանք գտնել եւ ընդհանուր առմամբ համարկուիլ հասարակութեան:

