Սենտիքայական Աշխատանքը Համակարգող Խորհուրդը Որոշեց Սրբագրել Պետական Քննութիւնները
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ որոշեց վերջ տալ պետական քննութիւնները սրբագրելու առումով ուսուցիչներուն յայտարարած պոյքոթին եւ ընդգծեց, որ ինք յանձնառու է նախարարական յանձնախումբին հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան գործադրութեան:
Հանդիպումէն ետք, Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ նշեց, որ պէտք է կառչած մնալ նախարարական յանձնախումբին հետ համաձայնութեան մէջ նշուած կարգ մը կէտերուն, որոնցմէ կարեւորագոյնն է ուսուցիչներուն տրուելիք յաւելումի ասիճաններուն արժէքին բարձրացումը եւ անոնց նիւթական պահանջները կատարել առաւելագոյնը մինչեւ այս ամսուան աւարտը:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ հաստատեց, որ ուսուցիչները այսօրուընէ սկսեալ պիտի սրբագրեն քննութիւնները, որոնց արդիւնքները շաբաթ օրուընէ սկսեալ պիտի յայտարարուին:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին հետ գոյացած համաձայնութիւնը կառավարութեան կողմէ պիտի վաւերացուի Ֆիթրի տօնէն առաջ կամ առաւելագոյնը մինչեւ օգոստոս ամսուան աւարտը:
Միւս կողմէ, Տիապ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի եւ «Ալֆա» բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան տնօրէն Մարուան Հայեքի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ պետական քննութիւններուն արդիւնքները կարելի պիտի ըլլայ յայտնել բջիջային հեռաձայնի յատուկ կարճ նամակներու ընդմէջէն:
Անոնք յայտնեցին, որ արդիւնքը կարելի պիտի ըլլայ գիտնալ թիւ 1070-ին կարճ նամակ ուղարկելով` վստահեցնելով, որ յաւելեալ գումարներ վճարելու կարիք չկայ:
Հայեք իր կարգին բացատրեց, որ թիւ 1070-ին ուղարկուելիք կարճ նամակը պէտք է բովանդակէ իւրաքանչիւր ճիւղի կրճատումը, բացութիւն (space) եւ պետական քննութեան իւրաքանչիւր աշակերտի մասնակցութեան թիւը:
Պաքալորէայի տարբեր ճիւղերուն եւ պրէօվէի կրճատումներն են հետեւեալները.
– Պրէօվէի պարագային` BR
– Պաքալորէա – Գրականութեան պարագային` LH
– Պաքալորէա – Ընդհանուր գիտութիւններու պարագային` SG
– Պաքալորէա – Կենսագիտութեան պարագային` SV
– Պաքալորէա – Ընկերային եւ տնտեսական գիտութիւններու պարագային` SE