Պըրրի Ընդունեց Սամահան

Սամահա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Միշել Սամահան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սամահա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Սամահա յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ քաղաքական նպատակներ ունեցող համաշխարհային պատերազմ յայտարարուած է, սակայն այդ պատերազմը երբեք պիտի չկարենայ իրականացնել ամերիկեան-սիոնական նպատակները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ լիբանանցի քրիստոնեաներուն իրավիճակը, Սամահա շեշտեց, որ անոնք լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ անոնց կը սպառնայ այն, ինչ որ այլոց կը սպառնայ: «Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք քրիստոնեայ լիբանանցիները դուրս եկան ստրկական ենթակայութեան իրենց իրավիճակէն ու դարձան լիիրաւ քաղաքացիներ եւ ոչ մէկ խտրութիւն կայ իսլամին ու քրիստոնեային միջեւ` քաղաքացիական իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն առումով», ընդգծեց Սամահա:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )