Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Անդամ Փոխնախարարը Եւ Փոխմարզպետը Աշխատանքէ Ազատ Կացուցուեցան
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումներով, Ռուբէն Սինոյեան ազատ կացուցուեցաւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարի տեղակալի, իսկ Մանաֆաս Առաքելեան` Արագածոտնի մարզպետի տեղակալի պաշտօններէն` իրենց դիմումներուն համաձայն:
Սինոյեան եւ Առաքելեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են եւ կուսակցութեան երեք այլ պաշտօնեաներու հետ հրաժարական ներկայացուցած էին նախորդ ուրբաթ օր:
Վարչապետը շաբաթավերջին արդէն ընդունած էր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երկու փոխնախարարներուն եւ մէկ փոխմարզպետին հրաժարականները:
CATEGORIES Հայկական

