Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւէն Սուրիոյ Մարդասիրական Օգնութեան Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս Նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, Ժընեւէն միջ-եկեղեցական մարմիններու, կազմակերպութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժղովուրդին կատարուող մարդասիրական օգնութիւնը արագացնելու ու բազմապատկելու: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին կատարուող մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորին առանց խտրութեան, քրիստոնեային թէ իսլամին եւ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն:
Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ շեշտեց կռիւներու անմիջական դադարեցումը եւ արդարութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումը Սուրիայէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց միասնականութեան, շեշտելով Սուրիոյ ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներուն ու շահերուն շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Գաղութային