50 Տարի Առաջ ( 4 Օգոստոս 1962 )

Հրաշք Մեքենայ Մը

Սրտի Հիւանդութիւնները
Այլեւս Մահացու Չեն

Նիւ Եորքէն հաղորդուած լուրի մը համաձայն, սրտի հիւանդութեանց ամենավտանգաւոր տեսակն իսկ ասկէ ետք մահացու չէ` շնորհիւ սրտին զարկերը կանոնաւորող ամերիկեան «հրաշք» մեքենային, որուն շնորհիւ չեխ անուանի բժշկապետի մը սրտի խցումը անհետացաւ եւ անուանի բժշկապետը կարճ ժամանակէն պիտի վերադառնայ իր դարմանատունը:

Մեքենան այնքան պզտիկ է, որ կարելի է զայն մարմնին մէջ տեղաւորել առանց նուազագոյն անպատեհութեան: Ան սրտին կու տայ շարունակական ելեկտրական ցնցումներ եւ սրտի երակներուն մէջ խցուածները կը բանայ ամենայն դիւրութեամբ: Այս մեքենան առաջին անգամ պատրաստուելով` գործածուեցաւ պաֆըլոցի յայտնի բժշկապետ տոքթ. Չերտաքթի կողմէ: Ներկայ տարուան յուլիսի 5-ին այս մեքենան տեղաւորուեցաւ սրտի հիւանդութեանց ամենավտանգաւոր մէկ տեսակէն տանջուող Փրակայի բժիշկներէն ներքին հիւանդութեանց յայտնի մասնագէտ տոքթ. Եան Տիւֆեքսի կրծքին ներքեւ, իսկ գործողութիւնը կատարեց Ամերիկեան վեթերաններու վարչութեան մասնագէտ տոքթ. Տիմոթհի Թաքարօ, որ այս օրերուն Մոսկուա կ՛այցելէ Խորհրդային Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ Փոխանակութեան ծրագրի տրամադրութիւններով:

Չեխ բժշկապետին գործողութեան մանրամասնութիւնները տեղեկագրուեցան հոս, Պաֆըլոյի մէջ, հետեւեալ կերպով.-

– 1960-ին տոքթ. Տիւֆեքս զգաց սրտի մասնակի խցումի նշաններ. ան գրեց ամերիկացի բժիշկներուն, որոնք իրեն դեղեր ղրկելով` դարմանեցին զինք: Այս տարուան յունուարին չեխ բժշկապետը նորէն զգաց սրտի սուր ցաւեր, որոնք դանդաղեցուցին անոր սրտի զարկերը, որովհետեւ քանի մը երակներ խցուած էին:

Տոքթորը անշարժացաւ եւ գամուեցաւ անկողին: Ամերիկեան բժշկական պարբերաթերթէն իմանալով սրտի զարկերը կանոնաւորող մեքենայի մասին` նամակ մը գրեց տոքթ. Չարտաքթի. այս վերջինը հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Մոսկուա գտնուող տոքթ. Թաքարոյի հետ, որ պատահմամբ իր մօտ ունէր «հրաշագործ» մեքենայէն հատ մը, զոր իր հետ տարած էր ցուցադրելու եւ անոր գործելու եղանակին մասին տեղեկութիւններ տալու նպատակով:

Յուլիս 5-ին տոքթ. Թաքարօ հիւանդին մօտ գալով` անոր կրծքին ներքեւ տեղաւորեց մեքենան, որուն գործելէն հազիւ քանի մը վայրկեան ետք հիւանդին սրտին զարկերը կանոնաւորուեցան եւ չեխ բժշկապետը արդէն անուշ ժպիտով մը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէր ամերիկացի իր պաշտօնակցին ձեռքը սեղմելով:

 

Թուրքիա

Ամերիկահայ Մը Թուրքիա Եկած Է
«
Ափ Մը Հող» Առնելու Համար…

 

Պոլսոյ թերթերը (31 յուլիս) կը գրեն.-

Ներկայիս Պոլիս կը գտնուի Յարութիւն Պզտիկեան անուն ամերիկահայ մը, որուն հայրը, մեռնելէ առաջ, հետեւեալը ըսած էր իրեն.

– Գերեզմանիս վրայ ափ մը հայրենի հող դիր:

Յ. Պզտիկեան հօրը այս կտակը գործադրելու համար մղոններ կտրելով` եկած է քաղաքս: Այս նախկին հայրենակիցը` Յարութիւն Պզտիկեան, ծնած է Սեբաստիա եւ 1922-ին հօրը հետ Ամերիկա գաղթած է:

Ըստ Յ. Պզտիկեանի յայտարարութեան, այդ օրուան պայմաններուն բերումով, ստիպողաբար գաղթած են Ամերիկա, սակայն հայրը` Նշան, չէ կրցած պատշաճիլ Նոր Աշխարհի կեանքի պայմաններուն եւ մինչեւ իր մահը հայրենադարձութենէ տառապած է: Մեռնելէ առաջ ըսած է իր տղուն:

– Անպայման Անատոլու գնա, ափ մը հող առ եւ դիր գերեզմանիս վրայ:

Յ. Պզտիկեան անցեալ շաբթու գնաց իր ծննդավայրը` Սեբաստիա` ափ մը հող բերելու համար: Չորս օր հոն մնալէ ետք, նախորդ օր քաղաքս վերադարձաւ. իսկ քանի մը օրէն ալ պիտի մեկնի Ամերիկա:

Յ. Պզտիկեան ըսաւ, թէ ներկայիս Ռութլանտ (Վերմոնթ) քաղաքին մէջ գորգի վաճառականութեամբ կը զբաղի եւ լաւ դիրքի մը տիրացած է:

Share this Article
CATEGORIES