Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Տունը
Աշխարհի ամէնէն սուղ տունը կ՛արժէ 1 միլիառ տոլար: Անիկա կը գտնուի Մումպայի մէջ (Հնդկաստան) եւ կը պատկանի Հնդկաստանի ամէնէն հարուստ մարդուն` Մուքեշ Ամպանիի:
* * *
Մուքեշ Ամպանի կը սիրէ մեծ բաները: Այս ձեւով, երկու տարի առաջ ան որոշած է շինել տալ մէկ միլիառ արժող տուն մը: Ճիշդ է, որ ան Հնդկաստանի ամէնէն հարուստ անձն է, սակայն նաեւ` աշխարհի չորրորդ ամէնէն հարուստը:
Մուքեշ Ամպանի իր տունը կոչած է Անթիլիա: Անթիլիա առասպելական կղզի մըն է, որ կը գտնուի Սպանիոյ արեւմուտքը: Սակայն այս կղզին աւելի ծանօթ է եօթը քաղաքներու անունով: Իսկ Մուքեշ Ամպանիի տունը այնքան մեծ է, որ անոր մէջ կրնան բաւել եօթը քաղաքներ…
Սակայն այս տան ոճը շատ իւրայատուկ է: Ան կը նմանի պզտիկներու խաղալիք քարերէ կազմուած շինութիւններուն: Անիկա բաղկացած է 27 յարկէ, ունի 175 մեթր բարձրութիւն եւ 37 հազար քառ. մեթր տարածութիւն:
* * *
Ամպանի ընտանիքը կազմուած է վեց անդամներէ, եւ ան պիտի գրաւէ շինութեան հինգ յարկերը: Սակայն ան պիտի կարենայ վայելել նաեւ միւս հինգ յարկերը, որոնք ամբողջովին պարտէզներու յատկացուած են: Այս «տան» մէջ մենք կը գտնենք մարզանքի ակումբ մը, լողաւազան մը, շարժապատկերի սրահ մը եւ հանդէսի սրահ մը: Առաւել, ան օժտուած է տանիքին վրայ ուղղաթիռներ ընդունելու երեք հարթակներով, եւ գետնին տակ 160 ինքնաշարժ ընդգրկող կառատունով մը:
Այս տունը այնքան մեծ է, որ զայն պահելը կը կարօտի 600 հոգինոց անձնակազմի մը: Մէկ բան յստակ է, որ Ամպանի ընտանիքը տեղի նեղութիւն պիտի չունենայ:
Հանճարեղ Արուեստագէ՞տ Մը
Աէլիթա Անտրէի գեղանկարները կը ցուցադրուին Նիւ Եորքի ցուցասրահներուն մէջ, ուր անոնք կը ծախուին աւելի քան 7000 տոլարի: Ան կը համարուի նոր Փիքասոն…
Սակայն Աէլիթա Անտրէ… միայն 5 տարեկան է:
Աւստրալիա, Մելպուռն ապրող, ծագումով ռուս, փոքրիկ Աէլիթա սկսած է ներկել, երբ տակաւին… 9 ամսական էր: Օր մը, երբ անոր հայրը իր կտաւներէն մէկը գետին դրած է անոր վրայ գեղանկար մը գծելու համար, Աէլիթա մեծ ուրախութեամբ սողացած է դէպի կտաւը եւ սկսած է թաթիկներով ներկը դնել, շփել… Ան այնքան մեծ հաճոյքով «կը ներկէր», որ հայրը անոր կը ձգէ մինակը շարունակել: Աէլիթայի հայրն ու մայրը այնքան կը խանդավառուին իրենց գործերով, որ անոնք կը սկսին պահել անոր աշխատանքները:
Աէլիթայի գործերուն առաջին ցուցադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ աղջնակը երկու տարեկան էր:
Տարիներու ընթացքին Աէլիթայի ոճը փոփոխութիւններու ենթարկուած է, եւ փոքրիկ արուեստագէտը միշտ փորձեր կատարած է տարբեր թեքնիքներ գործածելով:
Նկարչութեան կողքին, Աէլիթա կը սիրէ նաեւ պալէ, մարզանք, ջութակ եւ ձեռային աշխատանք, դաշնակի վրայ զարնել եւ երգել: Ան կը սիրէ նաեւ պատկերասփիւռէն դիտել հոյամողէսներու մասին վաւերագրական յայտագիրներ եւ Քարլ Սականի «Քոսմոս» տիեզերքի մասին յայտագիրը: Անշուշտ` առանց մոռնալու լիթըլ Փոնին եւ լիթըլ Այնշթայնը:
Աէլիթայի գործերը շատ կենդանի են եւ շատ արտայայտիչ. անոնք լեցուն են ուժով եւ կրնան ոգեկոչել սքանչելի տեսիլքներ եւ նիւթեր: Անշուշտ մենք այս պարագային հարց չենք տար արուեստագէտին նպատակին մասին, թէ ան ի՞նչ ուզած է ըսել… Կարեւորը գեղանկարներուն ազդեցութիւնն է դիտողին վրայ, այն բոլորը, ինչ որ իւրաքանչիւր դիտող կը գտնէ անոնց մէջ, կամ ինչ հաճոյք եւ յուզում կը յառաջացնեն անոնք դիտողին վրայ: Արդեօ՞ք, որովհետեւ ան մեծ հաճոյքով խառնած է իր ներկերը եւ նիւթերը` յառաջացնելով խառնակ եւ շարժուն տեսարաններ…
Հարցարան
Հին Աշխարհէն
Ճի՞Շդ, Թէ՞ Սխալ
1) Հին ազթեքները կը հաւատային, որ աստուածներուն առաջին ստեղծած աշխարհին մէջ կ՛ապրէին հսկաներ:…………………….. Ճ/Ս
2) Ազթեքները կը զոհէին իրենց բռնած բոլոր թշնամիները:……………………………. Ճ/Ս
3) Իբրեւ պատիժ` ազթեք ծնողները չարաճճի մանուկներուն քաքթիւսի փուշերով կը ծակծկէին:………………………… Ճ/Ս
4) Ազթեքներուն ստրուկներուն զաւակները ազատ կը ծնէին: Ոչ մէկը ստրուկ կը ծնէր:……………….. Ճ/Ս
5) Յուլիոս Կեսար իր արշաւանքներուն իրեն հետ կը տանէր խճանկարներ:………………. Ճ/Ս
6) Գորտերուն ոտքերը սկզբունքով հռոմէական ուտելիք մըն էին:…………………….. Ճ/Ս
7) Կալիկուլա կայսրը իր ձին` Ինսիթաթուս ծերակուտական նշանակած էր:……………….. Ճ/Ս
8) Հռոմէացի դերասանները եւ հանդիսատեսները իրարու վրայ յաճախ կը պոռային ներկայացումներու ընթացքին:……………………. Ճ/Ս
9) Բոլոր հին յոյները օրէնքով ստիպուած էին մասնակցիլ մարզական մրցումներու:………… Ճ/Ս
10) Հին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին ժամանակաւոր զինադուլ կը յայտարարուէր պատերազմի մէջ գտնուող երկու յունական քաղաքներու միջեւ:……………………. Ճ/Ս
11) Հին Ողիմպիական խաղերը կը վերջանային Մարաթոն կոչուած մօտաւորապէս 40,2 քմ վազքով մը:………………………. Ճ/Ս
12) Հին եգիպտացիները մազերը կակուղցնող եւ շտկող լոշըններ կը գործածէին:……… Ճ/Ս
13) Հին եգիպտացիները կը հաւատային, թէ տաք գարեջուրի մասին երազելը կը նշանակէր, թէ գէշ բան մը պիտի պատահէր:………………… Ճ/Ս
14) Հին եգիպտացիները կը պաշտէին մարդու մարմինով եւ խոզի գլուխով Թրութոս կոչուած չաստուած մը:……………………. Ճ/Ս
15) Հարուստ եգիպտացի այր մարդիկը աչքի շպար եւ մորթը կակուղցնող սեր կը գործածէին:…………… Ճ/Ս
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի նկարին եւ իւրաքանչիւր միւս նկարին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու պզտիկ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու թիւերու գումարին:
Պատասխաններ
1 – Ճ, 2 – Ս, 3 – Ճ, 4 – Ճ, 5 – Ճ, 6 – Ս, 7 – Ս, 8 – Ճ, 9 – Ս (սակայն մեծ թիւով պատանիներ կը մասնակցէին, որովհետեւ անիկա իրենց ուսումին մաս կը կազմէր), 10 – Ճ (որպէսզի իրենց մարզիկները առանց վտանգի կարենային ճամբորդել), 11 – Ս (Մարաթոնի մրցումը խաղերուն մաս կազմեց, երբ անոնք վերսկսան կազմակերպուիլ 1876 թուականին), 12 – Ճ, 13 – Ճ, 14 – Ս, 15 – Ճ:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ