ԼՕԽ-ի Յատուկ Խաչբառ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը՝ նպատակ ունենալով ԼՕԽ-ն ու անոր գործունէութիւնը ծանօթացնել բոլորին,  նախաձեռնեց խաչբառի մրցանքի մը`  հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ: Խաչբառի պատրաստութիւնը, որուն առանցքը ԼՕԽ-ն էր, սիրայօժար կերպով ստանձնեց Տիրան Աղազարեան:

Խաչբառի մրցանքին մասնակցեցան 143 աշակերտներ, որոնցմէ 2-ը նուազագոյն սխալներով ամբողջացուցին խաչբառը: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Մեղեդի Քիւսպեքեան եւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Անի Սարեան նկատուեցան յաղթականներ եւ համապատասխան նուէրներ ստացան:

Այս առիթով ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տիրան Աղազարեանին:

ԼՕԽ-Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ

1. Միջազգային Կարմիր Խաչի հիմնադիրը – Յակոբի աները:
2. Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (յետ այսու` ԼՕԽ) մասնաճիւղերէն – Ֆրանսական քաղաք – Նկարչական կարմիր ներկ – Այբուբենէն:
3. 30 մարտ 1996-ին ԼՕԽ-ի մանկապատանեկան գրադարանը ա՛յդ անունով կը կոչուի – Կոնք:
4. Քամելու տեղ – Իրաքեան լրատու գործակալութիւն – Թուխ գոյն ստանալ – Տառի մը անունը:
5. Խաբկանք կամ հիասթափութիւն – Ցուցական դերանուն:
6. Զօրաբաբէլի որդին – Փորթուգալեան նախկին գաղթավայր` Հնդկաստանի մէջ – Գիծերո՛վ պատկերացուր – Յարգանք` որ մէկը ուրիշէն կը վայելէ:
7. Պաղեստինեան լրատու գործակալութիւն – Կտրելո՛վ թափէ – Սանդահարել:
8. Վաղեմի – Ցուրտէ պնդացած ջուր – Քանի որ – Աւետարանիչ մը:
9. Մլուիկ տեսակէ մը ստացուած կարմիր ներկ – Հանքային համեմ – Ձիու ոտնակապ – Ճափոնական օդանաւային ընկերութիւն մը:
10. Պուլկարական նաւահանգիստ – Լեհական նաւահանգիստ – Ամուսնացած կնոջ օրինաւոր ամուսին – Քաղաքամաս:
11. Հաստատական պատասխան – Արական օտար անուն – Եղելութեան հանդէպ առարկայական մօտեցում ունեցող – Ճափոնական ինքնաշարժերու վաճառանիշ մը:
12. «Սեւ ոսկի» – Ձայնանիշ – Վահէ Օշականի երկերէն – Ստացական ածական:
13. Լիբանանահայ գրական հանդէս – Քրիստոսի հրաշագործութեամբ մատակարարուած ըմպելին` Կանայի հարսանիքին – Վահան:
14. Սեռային մոլուցք – Նախաճաշիկ – Պատկերազարդ:
15. Ափրիկեան երկիր – Ենթադրութիւն – Հիւծում – Նենգութիւն:
16. Անլոյծ – Անորոշ դերանուն – Նիհարնայ – Տեղական մակբայ:
17. Գրաբար` ո՞ւր – Վայրի արու ոչխար – Գործիք մը ոտքով շարժող լծակ – Գրաբար` անոնց:
18. Մտածէ՛ – Հայրենի երգիծաթերթ – Արդարեւ – Տառի մը անունը:
19. Տաղում կամ նշաւակում – Բուրգերուն գտնուած վայրը` Եգիպտոսի մէջ – Մինչեւ կեանքին վախճանը:
20. Իգական օտար անուն – Լիբանանահայ մանկապատանեկան պարբերաթերթ – Ասիական ծով – Փոքրացնող մասնիկ:

ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ

1. Մերուժան Պարսամեանի ֆրանսերէն գրչանունը – 1982-ին կազմուեցաւ ԼՕԽ-ի շտապ օգնութեան ա՛յդ խմբակը – Հայոց կաթողիկոս` Գրիգոր Դ. – Պատգամաւորական ա՛յդ ժողովին որոշումով ԼՕԽ-ի Պէյրութի եւ Էշրեֆիէի մասնաճիւղերը յաջորդաբար վերանուանուեցան «Մեղրի» եւ «Կարս»:
2. ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէն – Շաղկապ – «Ակնոցաւոր» օձ – Այբուբենէն – Նախանձիլ:
3. Շրջուած` նեցուկ – 1948-ին հիմնուած ԼՕԽ-ի երկու մասնաճիւղերէն մէկը – Սեւ ագռաւ:
4. Շատ զօրաւոր – Թուրքիոյ նահանգներէն – Արմէն Շիտանեանի երկերէն` «… հայը»:
5. Բորբոքում – Ուսոսկր – Մուրճ:
6.-
Ցուցատախտակ – Հոմերոսի երկերէն – Աւազան:
7.
Մուտքի իրաւունք տուող քարտ – Ինքնավար – Միաւոր թիւ:
8.
31 հոկտեմբեր 1984-ին ահաբեկուած Հնդկաստանի վարչապետը – Կրկնուած բաղաձայններ – Վանի գիւղերէն` ուր ծնած է Ոստանիկ:
9.
Որսորդութեան եւ կուսութեան աստուածուհին` հռոմէական դիցաբանութեան մէջ – Ձայնակից գիրեր – Հայաստանի մարզերէն:
10. Եւրոպական հանրապետութիւն – ԼՕԽ-ի Մար Եուսէֆի մասնաճիւղը – Մանրոջիլ:
11. Մախաչքալան Ռուսական Դաշնակցութեան ա՛յդ շրջանի մայրաքաղաքն է – Սպասէ՛ – Փոքրացնող մասնիկ:
12. Աղօտ – Յոյր – Շահան Նաթալիի երկերէն – Պաղեստինեան քաղաք:
13. 1950-ին հիմնուած ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը – Նմանաձայն տառեր – Ցուցական ածական – Իրերայաջորդ գիրեր – Հանգոյն:
14. Գոլոմպոսի ծովագնացութեան երեք նաւերէն մէկը – Կանացի օտար շաբաթաթերթ – Այբուբենէն – Միջերկրականեան մայրաքաղաք:
15. Ցուցական ածական – Մատներուն ծայրը ծածկող եղջերանիւթ – Սեփականութիւն – Թուրիկի ծննդավայրը:
16. 1942-ին ա՛նոր եւ Զաւօ Շանթի ջանքերով հիմնուեցաւ «Պնակ մը կերակուր»-ի ծրագիրը – Իգական անուն:
17. Առանց աղի – Շաղկապ – ԼՕԽ-ի Ճիպէյլի մասնաճիւղը – Ինչպէ՞ս:
18. Հնդկաստանի քաղաքներէն – Սեղմելու գործիք – Ձայնանիշ:
19. Քարքարուտ տեղ – Մեր առաջին թարգմանիչներէն – Յիսուսի փոխարէն Պիղատոսի կողմէ ազատ արձակուած Բարաբբան ա՛յդպիսի անձ մըն էր:
20. Արամազդի դուստրերէն – Հայաստանի գետերէն – Դիրիտ – Սարսափ:

Պատասխանը՝ մեր երկուշաբթի օրուան թիւով

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )