Ազգի Անխառն Սիրով Ապրեցաւ Մեր Ընկերը` Սերոբ Մանուկեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանէն վերադարձած ընկեր մըն էր հեռաձայնի գիծին միւս ծայրը: Ձայնին մէջ յուզում կար: Գուժեց մահուան լուր մը: Ինքզինք միշտ երիտասարդ համարող, զոհողութեան պատրաստ, բայց արդէն իննսունի դռներուն գտնուող մեր ընկերը իր կեանքին վերջակէտը դրած էր հայրենիքի մէջ, որուն համար կ’ըսէր, թէ ան իր «սիրուհին» էր:

Ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր մեր ընկերը` Սերոբ Մանուկեան: Դէպքերու բերումով Լիբանանէն հեռացած էր, իր դաշնակցականի պարտականութեան գիտակցութիւնը, հաւատքը, եւ զոհողութեան ոգին շալկած, որպէս անխաթար ժառանգութիւն, գտնուած էր Յորդանան, Պաղեստին, Եգիպտոս, հուսկ իջեւանելով Ֆրանսա, ուր աշխատած էր մինչեւ հանգստեան կոչուելու տարիքը:

Իր մտահորիզոնը հայութիւնն էր, Հայաստանը` որպէս ամբողջութիւն, ազատ, անկախ եւ միացեալ, որ սոսկ կարգախօս չէր, այլ` հաւատք եւ երազ: Եւ հակառակ յառաջացող տարիքին, ինք պատրաստ էր գերագոյն զոհողութեան` յիշեցնելով հայոց սպարապետը, որ դժբախտ կը զգար ինքզինք, քանի որ կ’ուզէր մեռնիլ իր ձիուն վրայ:

Աշխարհիկ վանական մըն էր Սերոբ: Վանքը` հայրենիքը, անոր միաբանութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս երկու տողերը բաւարար են կազմելու համար իր իտէալիստի կենդանագիրը: Արդարեւ, իր փառասիրութիւնները,  այս բառին դրական առումով, այս սահմաններէն երբեք դուրս չելան: Անխաթար կը պահէր շունչը Մեծերուն, որոնք հարստացուցած էին իր իտէալիստի աշխարհը, գտնուած ըլլալով անոնց  հմայքի ճառագայթներուն տակ:

Այդ մեծե՞րը… Համօ Օհանջանեան, Վահան Նաւասարդեան, Դրօ, Ռուբէն, Շաւարշ Միսաքեան, Նարդունի… Կը փնտռէր իր ընկերները, եւ անոնց հետ իր միտքերու փոխանակութիւնը կը հիւսուէր ազգի, հայրենիքի, կուսակցութեան եւ հայրենիքը բռնագրաւած Թուրքիոյ շուրջ: Կեանքի մայրուղիները նոյն տեղը կը տանէին զինք: Այս պատճառով ալ իրեն կը յարմարէր ուրիշներու համար ըսած իր այն խօսքը, որ ինք կը բնակէր Փարիզ կամ Լիոն, եւ այդ քաղաքներուն մէջ չէր ապրեր: Սարոյեանի ըսածին պէս` «իր հոգին լեռներում էր»:

Ժամանակակիցներուս պատշաճելու ճկունութիւնը իր կենցաղը չեղաւ:

Իր հոգեկան սնունդը կը ստանար հայ թերթէն, հայ գրականութենէն: Թաքուն սէր ունէր գրելու, իր ապրումները արտայայտելու եւ երբեմն ցաւով կ’ըսէր, թէ ինք բախտաւորութիւնը չէր ունեցած դպրոց երթալու: Իր սերունդէն շատերու ծարաւը, որոնք մինչեւ այսօր, առաւօտեան հայերէն թերթը կը կարդան` օրուան սնունդը առնելու ջերմեռանդութեամբ:

Սերոբ Մանուկեան կուսակցական էր, ինչպէս որ էին Վանի «Վրէժ» կոմիտէի ընկերները, կամ` Ռուբէնի զինուորները: Անխառն հաւատքով, որ կիսամիջոցներով գոհանալ չէր գիտեր, այսինքն ինք երբեք չվերածուցեաւ սփիւռքահայու, իր մէկ կամ միւս երկրին մէջ կեցութիւնը կը համարէր ժամանակաւոր: Կուսակցական կեանքին կը մասնակցէր պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, անհանգստացնող բծախնդրութեամբ, նոյնիսկ երբ կը գտնուէր պատասխանատու դիրքերու վրայ:

Հաւատարիմ իր «հայրենիք սիրուհիին», ուրիշներ պիտի ըսէին անսալով «դէպի երկիր» կոչին, Սերոբ Երկիր վերադարձաւ հոն ապրելու, եւ ոչ` հոն բնակելու կամ արձակուրդի օրերը անցընելու:

Այս տարուան ապրիլին, երբ խճողուած աշխատանքային ժամանակացոյցով Երեւան կը գտնուէինք, ծայրամասի ժողովրդային արուարձաններէն մին գտնուող Սերոբին այցելութեան գացինք:

Իր կեանքի ընկերուհին մեզ դիմաւորեց, եւ ըսաւ, որ Սերոբ ընդհանրապէս անկողին կը մնար, բայց ուզած էր ոտքի ելլել, հին օրերու պէս հագուած էր, նոյն փայլուն եւ կարմիր թուշերով Սերոբն էր, իր աչքերուն մէջ կային ոչ միայն յիշատակի պատկերները, այլ կար երջանկութեան արտայայտութիւնը, որ կ’ըսէր, թէ իր երազները հասած էին խաղաղութեան ափունքը:

Խօսեցանք: Հարցումներու տարափ: Չխօսեցաւ իր մասին, բայց ջերմութեամբ խօսեցաւ իր կեանքի ընկերուհիին տաղանդաւոր արուեստագէտ դստեր մասին, ձեւով մը պատգամ փոխանցելով, որ կեանքը կը շարունակուի նորերով, եւ անոր ներուժը պիտի գայ ազգային որակէ:

Հայաստանի հողը պիտի գրկէ Սերոբ Մանուկեանին հողեղէն մասը:

Բայց ո՞ւր կը սաւառնի յաւերժ յեղափոխական Սերոբի հոգին` իր ընկերներուն յիշեցնելով անկատար բայց ոչ անկարելի իղձերը. Վա՞ն, Մո՞ւշ, Սասո՞ւն, Խո՞ւթ, Տարօնական մեր աշխա՞րհ…


27 յուլիս 2012, Նուազի-լը-Կրան

 

Share this Article
CATEGORIES