Ի Յիշատակ Խաչատուր Խաչատուրեանի (Ամմօ Խաչօ)
Քառասուն օրեր առաջ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ բառին իսկական իմաստով տիպար հայորդի մը` յանձինս Խաչատուր Խաչատուրեանին` Ամմօ Խաչոյին, բոլորիս Ամմօ Խաչոն, դամասկահայութեան Ամմօ Խաչոն:
Տիպար հայ ըսինք, որովհետեւ իրապէս իր սերունդի` գաղթականութիւն ու ջարդ տեսած սերունդի իսկական տիպարն էր, ապրած` իր տառապանքով, զանազան դժուարութիւններ դիմակալելով, բայց երբեք չընկրկելով, համբերութեամբ, քաջութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ ամէն ինչ լուծելով` մնաց միշտ տարագիր հայու տիպարը:
Ան ծնած է Ալեքսանտրեթի Տէօրթ-Եոլ աւանին մէջ, 1919-ին ու ճաշակած` ջարդի պատճառով տեղահանութեան ու գաղթականութեան դժուարագոյն պայմանները. հապճեպի ու խառնաշփոթ այդ կացութեան մէջ մանուկ Խաչատուրը բաժնուած է իր ծնողքէն ու շարունակած իր կեանքը` երկար ատեն անտեղեակ ըլլալով իր հարազատներու ճակատագիրէն: Ֆրանսացիներու օգնութեամբ ստոյգ մահէ ազատած այլ գաղթականներու հետ կը հասնի Թարթուս, ուր կը նետուի կեանքի ասպարէզ` աշխատելով զանազան արհեստներ: Ան մեծ հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ զիրենք փոխադրող նաւուն նաւապետը գաղթական հայու մը ձեռքը գեղեցիկ բոյսի թաղար մը տեսնելով` կը զարմանայ ու կռահելով, թէ անոր ամէնէն թանկագին ունեցուածքը այդ պէտք էր ըլլար, կ՛ըսէ. «Դուք` հայերդ, ազնիւ ժողովուրդ էք». յաճախ հպարտանքով կը պատմէր այս մէկը` ըսելով, թէ նոյնիսկ ֆրանսացին հայերը ազնիւ անուանած է:
Ապրած խառն վիճակէն ետք ինքզինք գտնելով, առանձին ու մեծ դժուարութեամբ կը վերադառնայ ծննդավայր` յուսալով, որ կը գտնէ իր ծնողքը, բայց ապարդիւն, կը ստիպուի անցնիլ Պէյրութ ու կ՛ապաստանի որբանոցի մէջ, ապա կը ղրկուի Կիպրոս` Մելգոնեան հաստատութիւն, ուր կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն, բայց դժբախտաբար թերաւարտ կը մնայ ու կը վերադառնայ Պէյրութ, ապա գաղթականութեան հովերը զինք կը հասցնեն Դամասկոս, ուր հաստատուելէն որոշ ատեն ետք կ՛ամուսնանայ` կազմելու հայ ընտանիք մը: Բայց ինչպէս միշտ, նաեւ հոս ճակատագիրը դաժան կ՛ըլլայ անոր հանդէպ, չբախտաւորուելով հարազատ զաւակով մը` կ՛որդեգրէ հոգեզաւակ մը, որուն կը տրամադրէ իր բոլոր կարելիութիւնները, բայց դաժան մահը նախ կը բաժնէ զինք իր զաւակէն, ապա կնոջմէն, որմէ ետք կրկին առանձին կը մնայ այս աշխարհին մէջ:
Իր ազնուութեամբ, հակառակ իր վիճակին, միշտ ուրիշին օգնելու իր նախաձեռնութեամբ, իր պարկեշտութեամբ եւ վեհանձնութեամբ շահած է այնքան մեծ թիւով բարեկամներ ու ընկերներ, որոնք զինք երբեք առանձին չեն ձգած, միշտ շրջապատուած մնացած է զինք յարգողներով եւ սիրողներով, եղած է տիպար միութենական, ծառայած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանին` իբրեւ խնամակալ եւ հոգաբարձու, միշտ սիրած է միութիւնը, ձեռնարկներէն ու հանդիսութիւններէն գրեթէ չէ բացակայած. միշտ կ՛ըսէր, թէ գոնէ ներկայութեամբ պէտք է քաջալերենք միութիւններուն աշխատանքը, շատ կը սիրէր սկաուտական տողանցքներն ու բանակումները. անոնք մեր ապագան են, կ՛ըսէր:
Ամմօ Խաչոյին վեհանձնութիւնը կը դժուարացնէր միութիւններէն իրեն օժանդակութիւն տրամադրելու աշխատանքը: Այդ պատճառով ալ իր դստեր ու կնոջ մահէն ետք Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին ուղղուած նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնեց` իրեն տրամադրուած նպաստին համար եւ խնդրեց ասկէ ետք նպաստի իր բաժինը տալ աւելի կարիքաւոր ընտանիքի մը, որովհետեւ ինք առանձին մնալով` այլեւս մեծ ծախս մը չունի եւ կրնայ իր առօրեայ կարիքները ձեւով մը հոգալ: Այս նամակը Ճինիշեանի գրասենեակը պահուած է եւ այցելուներուն ցոյց կը տրուի` իբրեւ հայ անհատի վեհանձնութեան օրինակ:
Ժարամանայի մէջ բոլորին ծանօթ էր, հայ թէ տեղացի, բոլորը կը յարգէին զինք, իր դրացիները միշտ կ՛ըսէին, թէ Աստուած որքան կը սիրէ Ապու Սարգիսը (ինչպէս կը կոչէին զինք), որ այսչափ զինք սիրողներ ու իրեն գուրգուրացողներ հաւաքած է շուրջը:
Կիրակնօրեայ աղօթքը իրեն համար ամէն բանէ վեր էր, երբեք չէր ուզեր բացակայիլ` ի՛նչ ալ ըլլայ այլընտրանքը, աղօթքի իր ընկերները իր ընտանիքն էին, որոնք փոխադարձաբար կը սիրէին զինք:
Համալիրի ծրագիրին նկատմամբ ունեցած իր խանդավառութիւնը անսահման էր, հայ դպրոցի դերին հանդէպ իր գիտակցութիւնը մեծ էր, հայ սերունդներու ապագան հոն կը տեսնէր: «Համալիրին համար դուք շատ յոգնեցաք ու ժամանակ տրամադրեցիք,- կ՛ըսէր,- ես ալ իմ մասնակցութիւնս պիտի բերեմ կ՛ըսէր»: Եւ խօսքը գործի վերածեց ան. ամենայն գիտակցութեամբ ու գոհունակութեամբ ան տարիներու աշխատանքի արդիւնքը հանդիսացող իր բնակարանը կտակեց համալիրի ծրագիրին եւ այսօր Ամմօ Խաչոյին անունը յաւերժացած է, որովհետեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի դասարաններէն մին կը կոչուի ԲԱՐԵՐԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆ:
Սիրելի՛ Ամմօ Խաչօ,
Ննջէ հանգիստ, անոնց, որոնց դուն վստահեցար, քեզ երբեք յուսախաբ չըրին եւ պիտի չընեն ալ, անոնք քու բոլոր փափաքներդ կատարեցին ու վստահ եղի՛ր, որ երազներդ ալ անպայման պիտի իրականացնեն, որովհետեւ երազներդ անշահախնդիր էին եւ ընդհանրական:
Ննջէ հանգիստ եւ հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Ամմօ Խաչօ:
«ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Դամասկոս