Դրուագներ Ողիմպիականէն

50 Սենթն Ու Քանիէ Ուեսթը Ներկայ
Եղան Մայք Թայսընի Ներկայացման

Ամերիկեան ռեփի ներկայացուցիչներ 50 սենթ (Քըրթիս Ճեքսըն) եւ Քանիէ Ուեսթ ներկայ եղան աշխարհահռչակ նախկին բռնցքամարտիկ Մայք Թայսընի ներկայացման:

Ամերիկացի բռնցքամարտիկը Պրոտուէյի թատերասրահներէն մէկուն մէջ հաւաքուած հանդիսատեսներուն կը պատմէ իր ասպարէզի ամէնէն գայթակղալի պահերը` շահելով խոշոր գումարներ: Թայսըն այս օրերուն ելեւմտական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ:

Մէկ Երգին Համար 1 Եւրօ

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ խաղերու բացման հանդիսութեան ժամանակ հանրածանօթ «Պիթըլզ» խումբի նախկին անդամ Փոլ Մաքարթնի երգեց «Հէյ ճուտ» աշխարհահռչակ երգը եւ իր այս ելոյթին համար ան ստացաւ… 1 եւրօ: Այո՛, տպագրական սխալ չէ, ստացաւ 1 եւրօ: Նոյն վճարումը ստացան նաեւ միւս հանրածանօթ անձնաւորութիւնները, որոնք ելոյթ ունեցան հանդիսութեան ժամանակ:

Փոլ Մաքարթնի, Ռոեն Աթքինսըն (Մըսթըր Պին), Մայք Օլֆրիտ եւ Տանիել Կրէյկ անշուշտ պատրաստ էին անվճար ելոյթ ունենալու. բացման արարողութեան որեւէ երգ շատ աւելի սուղ է, քան որեւէ պատուոյ սակ:

Սակայն վարչարարութիւնն ու թղթաբանութիւնը աւելի ուժեղ եղած են: Կազմակերպող խորհուրդը ձեւով մը պէտք է արձանագրէր աստղերու մասնակցութիւնը բացման արարողութեան, ուրեմն իւրաքանչիւրին հետ համաձայնագրութիւն ստորագրած է, իբրեւ պատուոյ սակ նշելով` 1 եւրօ:

Վստահաբար կազմակերպիչները ըսել ուզեցին. «Ձեր ըրածը դրամով չի գնահատուիր…»:

Լոնտոնի Քաղաքապետը Օդին Մէջ Մնաց

Լոնտոնի քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն այցելեց Վիքթորիա հանրային պարտէզը, ուր լոնտոնցիները եւ մայրաքաղաքի հիւրերը մեծ պաստառի վրայ կը հետեւին ողիմպիական խաղերուն:

Հանրային պարտէզին մէջ Պորիս Ճոնսըն ուզեց փորձել Ճոպանուղին: Սակայն ատիկա կանգ առաւ եւ քաղաքապետը մնաց օդին մէջ կախուած վիճակով` 20 մեթր բարձրութենէն:

Որոշ ժամանակ ետք սարքը նորոգուեցաւ եւ Լոնտոնի քաղաքապետը երկինքէն իջաւ… գետին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )