Ըստ Հարցախոյզի Մը Օպամա Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ Յառաջատարն Է

Ռոմնի եւ Օպամա

Ըստ «Փիու Ռիսըրչ սենթըր»-ի կատարած մէկ հարցախոյզին, Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա նախագահական ընտրապայքարին մէջ մեծ տարբերութեամբ կը գերազանցէ իր մրցակիցը:

Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն 51 առ հարիւրը դեմոկրատական Օպամայի կ՛աջակցի կամ աշնան տեղի ունենալիք ընտրութեան ընթացքին հակում ունի աջակցելու, իսկ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնիի կ՛աջակցին հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 41 առ հարիւրը:

Այս տուեալները մօտ են յուլիսին կատարուած հարցախոյզերու արդիւնքներուն, իսկ վերջին ութ հարցախոյզերուն արդիւնքով, որոնք յունուարէն սկսեալ կատարուած են, Օպամա մնայուն կերպով կը պահէ իր յառաջատարութիւնը` 4-էն 12 տոկոսային կէտով:

Նախագահութեան թեկնածուներու միջեւ նուազագոյն տարբերութիւնը` 4 կէտ, արձանագրուած է 12 նահանգներու մէջ: Քոլորատոյի, Նեւատայի, Նիւ Հեմփշայրի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Օհայոյի, Վըրճինիոյ եւ Ուիսքոնսինի մէջ Օպամային կ՛աջակցին քուէարկողներուն 48 առ հարիւրը, իսկ Ռոմնիին` 44 առ հարիւրը:

Հարցախոյզը տեղի ունեցած է 16-26 յուլիսի ժամանակահատուածին ընթացքին` 2508 ամերիկացիներու մասնակցութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 6 նոյեմբերին:

Միւս կողմէ, ամերիկեան լրատուամիջոցները Քոնկրեսին մէջ իրենց աղբիւրները մէջբերելով կը հաղորդեն, որ Իրանի դէմ Իսրայէլի ինքնագլուխ յարձակումը կ՛ամրապնդէ Օպամայի ընտրական դիրքը:

Ամերիկացի քոնկրեսականները կ՛ենթադրեն, որ Իսրայէլի յարձակումէն ետք Միացեալ Նահանգներ պիտի պարտաւորուին միանալ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններուն, իսկ այդ որոշումը ընտրազանգուածին կողմէ պիտի ընկալուի իբրեւ նախագահի վճռականութեան ցուցանիշ:

Բացի ատկէ, Իսրայէլի նկատմամբ դաշնակիցի պարտաւորութեան պարտքի կատարման ցուցադրումը Օպաման պիտի դարձնէ հրեայ ընտրողներու եւ հովանաւորներու համակրանքի առարկան:

 

Share this Article
CATEGORIES