Անանի Հրաժարումը Մեկնաբանութեանց Դուռ Կը Բանայ
Մինչ Քոֆի Անան «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի ցաւ յայտնեց անոր հրաժարելուն համար` աւելցնելով, որ սուրիական կողմը ամբողջովին յանձնառու կը մնայ միջազգային դէտերուն հետ գործակցութեան:
Ան ըսաւ, որ սուրիական կառավարութիւնը պիտի չդադրի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրով աշխատելէ` ցաւ յայտնելով անոր հրաժարելուն համար: ԱՆ ըսաւ, որ Անանի քայլը «ի յայտ բերաւ, որ անոր առաքելութիւնը արգելակողը սուրիական կողմը չէ, ինչ որ հաւաստի է եւ ատոր փաստերը ունինք»:
Մաքտիսի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վաղը Սուրիոյ տագնապի լուծման քաղաքական հոլովոյթը յառաջ մղող որոշումի մը որդեգրման առնչութեամբ լաւատեսութիւն յայտնեց:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթին ճամբան հարթելու համար զինեալ խմբաւորումներուն զինումն ու անոնց ապաստան տալը դադրեցնելու` շեշտելով, որ Դամասկոս «քաղաքական հոլովոյթին առջեւ դուռը չփակեց»:
Նշենք, որ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած արաբական բանաձեւէն բազմաթիւ զիջումներ կատարուած են:
Անան բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին մէջ երէկ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ զինուորական միջոցները առանձին պիտի չկարենան Սուրիոյ տագնապը լուծել, ոչ ալ համապարփակ եւ լայն չեղող քաղաքական օրակարգերը: Ան նշեց, որ տագնապին մէջ ժիհատական տարրեր մուտք գործած են, ինչպէս նաեւ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու ապահովութեան շուրջ հետզհետէ աճող մտավախութիւններ գոյութիւն ունին:
Անան կը գրէ, որ սուրիական կառավարութիւնը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է, սակայն տակաւին Սուրիան փրկելու առիթ գոյութիւն ունի:
Մոսկուա կոչ ուղղեց անմիջապէս Անանին փոխանորդ մը նշանակելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Անանի հրաժարումը Սուրիոյ դէմ զինուորական քայլերու դիմելու կողմնակիցներուն ճամբան պիտի հարթէ:
Ան նշեց, որ Անան «միջազգային անկեղծ միջնորդ է, սակայն ոմանք խաղէն անոր դուրս գալը կ՛ուզեն, որպէսզի զինուորական քայլերու կողմնակիցներուն ճամբան հարթուի, եւ ասիկա յստակ է»:
Կաթիլով յայտնեց, որ «իբրեւ Սուրիոյ մէջ յատուկ պատուիրակ իր առաքելութիւնը չերկարաձգելու Անանի որոշումը այդ երկրին ապագային նկատմամբ շարք մը հարցականներ կը ստեղծէ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրանեան լրատուամիջոցները, հաղորդեց, որ Իրան շարք մը երկիրներ մեղադրած է Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Անանի խաղաղ նախաձեռնութիւնները տապալին:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարաստ յայտնած է. «Ակնյայտ է, որ որոշ պետութիւններ դժգոհ էին ջանքերէն Անանի, որ կը փափաքէր դադրեցնել Սուրիոյ զէնքի մատակարարումներն ու վերջ տալ ահաբեկչական գործողութիւններուն: Այդ երկիրները ոչ միայն չմասնակցեցան Անանի նախաձեռնութիւններուն, այլ ընդհակառակն` ամէն անգամ, երբ անոր ծրագիրը կը յաջողէր, ահաբեկիչները աւելի կ՛ուժեղացնէին Սուրիոյ մէջ իրենց գործողութիւնները»:
Ռուսական «Վրեմիա» օրաթերթը, յղում կատարելով անանուն դիւանագէտի մը յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը սկսած է Սուրիոյ հարցով միջազգային նոր պատուիրակի փնտռտուքին: Միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն ափսոսանք յայտնած է Անանի հրաժարականին առիթով: Ան կոչ ուղղած է «անմիջապէս» Անանին յաջորդ մը «նշանակելու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Սուրիոյ իշխանութիւններէն պահանջել իրականացնել Անանի մշակած ծրագիրը:
«Ես Անանին ամենայն բարիք կը մաղթեմ իր հետագայ աշխատանքին մէջ: Դիմելով Սուրիոյ ժողովուրդին` կ՛ըսեմ. «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ձեզի սատարել, մենք կը մնանք արդիւնաւէտ եւ արագ իշխանափոխութեան կողմնակից, ինչպէս կ՛ըսուէր Անանի ծրագիրին մէջ», ըսուած է Քլինթընի յայտարարութեան մէջ:
Քլինթընի գնահատականով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը արգելակած է Անանի «աւելի շատ աշխատելու միջոցներ տրամադրելու մտադրութիւնները»:
Մինչ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Մոսկուայէն յայտարարեց, որ արտաքին յարձակումի ենթարկուելու պարագային Սուրիա ինքզինք պաշտպանելու կարող է, ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ ռուս նաւազներ փոխադրող ռուսական ցամաքահանումի նաւեր մուտք կը գործեն Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր պիտի մնան յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին:
Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ երէկ բախումները շարունակուեցան` այս անգամ հրետանիներու օգտագործումով, իսկ սուրիական բանակը ետ մղեց Պուսթան Քասըր թաղամասին ուղղութեամբ ընդդիմադիր զինեալներու մէկ յարձակումը: Ընդդիմադիրները յայտարարեցին, որ գրաւած են Հալէպի բերդը, սակայն այդ լուրը հերքուեցաւ:
Մինչ այդ, Դամասկոսի մէջ հրասանդի հրթիռ մը հարուածեց պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանը` պատճառելով աւելի քան քսան զոհեր: Դամասկոսի մէջ նաեւ բախումներ տեղի ունեցան Մէյտան եւ Թատամոն թաղամասերուն մէջ: «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Դամասկոսի Ռըքնէտտին շրջանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է:

