Պան Քի Մուն Կը Դրուատէ Լիբանանի Չէզոք Կեցուածքը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին պատրաստած է տեղեկագիր մը, որուն մէջ ընդգրկուած են 28 փետրուարէն 31 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանի լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Քի Մուն այս տեղեկագիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ներկայացնէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր:

Տեղեկագիրին մէջ Քի Մուն անդրադարձած է 22 մայիսին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ այդ դէպքին պատճառով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած բողոքին ցոյցերուն:

Քի Մուն ակնարկած է նաեւ լիբանանցիներուն դէմ սուրիական ուժերուն յարձակումներուն, յատկապէս Ուատի Խալետի մէջ Ալի Շաապան անունով քամերամենի սպանութեան եւ անոր ընկերակցող լրագրողները թիրախ դարձնելուն:

Քի Մուն անդրադարձած է նաեւ 20 մայիսին Աքքարի մէջ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակից Մոհամետ Մերեհպիի սպանութեան:

25 էջ հաշուող այս տեղեկագիրին մէջ, Քի Մուն կը դրուատէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը, որ ողջունելի քաղաքականութիւն մըն է` երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախաձեռնութեամբ Ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Քի Մուն տեղեկագիրին մէջ նշեց, որ իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ սահմանային Կապոյտ գիծի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օդային սահմաններուն խախտումը` կոչ ուղղելով Իսրայէլի վերջ տալու այդ ոտնձգութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )