Զօր. Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Փլամպլին Եւ Տէյվիսը
Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ
երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գրասենեակի պատասխանատու Ռոճըր Տէյվիսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան

