Տաուք Ապատիի Հետ Քննարկեց Երուսաղէմի Օրուան Տօնակատարութեան Մանրամասնութիւնները
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Երուսաղէմի միջազգային օրուան տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ապատիի խորհրդական Մոհամետ Ալի Զատա, տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, Ազգային լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Լոր Սլէյման Սաապ եւ նախարար Տաուքի խորհրդական Անտրէ Քասաս:
Նշենք, որ Երուսաղէմի միջազգային օրը կը զուգադիպի ռամատանի վերջին ուրբաթ օրուան:
CATEGORIES Լիբանանեան

