Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը «Ազատագրուեցաւ»
Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին շուրջ գոյացած քաղաքական լուծումը երէկ յայտարարուեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնէն` նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:
Համադաշնակցութեան կեդրոնէն հնչած լուծումէն անմիջապէս ետք սարակները բացին շղթաներով փակուած Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռները եւ յայտարարեցին, որ իրենց սկսած բաց նստացոյցը վերջ գտած է, որովհետեւ իրենց պահանջներուն գոհացում տրուած է:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն` ընկերակցութեամբ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի երեսփոխաններուն` Ղազի Զաայթերի եւ Նաուար Սահիլիի, ուղղուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւն, ուր տիրեց ուրախութեան մթնոլորտ:
Սակայն Ղոսընի կատարած յայտարարութենէն ետք, սարակներուն որոշ մասը շփոթի մատնուեցաւ` նկատել տալով, որ Ղոսընի յայտարարութեան մէջ չէր նշուած, թէ համաձայնութիւնը ներառած է Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ ելեկտրականութեան ստացագիրներուն բաշխման գործառնութիւնները:
Արձանագրուած այս թիւրիմացութենէն ետք Ղոսըն հաստատեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքին ծառայութեան համար քաղաքացիներուն վճարած գումարները գանձող պաշտօնեաները եւս համաձայնութեան մաս կը կազմեն:
Սարակները հաստատեցին, որ եթէ համաձայնութիւնը այս ձեւով չշարունակուի կամ համաձայնութեան կէտերուն մէջ որոշ խախտումներ արձանագրուին, ապա պիտի վերադառնան Ելեկտրականութեան ընկերութիւն:
Միւս կողմէ, երբ Ղոսըն յայտարարեց, որ սարակներուն բաց նստացոյցը աւարտած է, ան նաեւ նշեց համաձայնութեան մէջ նշուած կէտերը, որոնք են.
ա) Սարակներուն վճարել անոնց աշխատավարձերը մինչեւ յուլիս 2012, բ) Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատաւորներուն հանգստեան թոշակներուն երաշխաւորումը, գ) Հսկել Ելեկտրականութեան ընկերութեան քննութիւններուն բոլոր սարակներուն իրաւունքին, դ) Աշխատանք եւ աշխատավարձ ապահովել բոլոր անոնց համար, որոնք այլ հաստատութիւններու հետ աշխատանքի համաձայնագիրներ կը ստորագրեն` հիմնուելով աշխատավարձի սովորական պայմաններու եւ ընկերային ապահովագրութեան (տաման) արձանագրութեան իրաւունքին վրայ, ե) Ելեկտրականութեան հաստատութեան կողմէ հաստատուելիք քննութեան մասնակցութիւն` ըստ օրէնքի, որ պիտի հաստատուի Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին մէջ` բաւարար չափով պաշտօնեաներ ապահովելու համար:
Պասիլ ` Մամլոյ Ասուլիս
Սարակներուն հետ համաձայնութեան գոյացումէն ետք, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարութեան կեդրոնին մէջ կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ պետութեան եւ հաստատութիւններուն տրամաբանութեան:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեք:
Պասիլ աւելցուց, որ գոյացած համաձայնութիւնը Ելեկտրականութեան ընկերութենէն շատ աւելի բարձր բան է` նկատի ունենալով արձանագրուած անկարգութիւնները:
Պասիլ Ելեկտրականութեան ընկերութեան բոլոր բաժանմունքներու տնօրէնները հրաւիրեց վերսկսելու իրենց աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան յատուկ ծրագիրներ կան, որոնք պիտի սերտուին եւ քննարկուին նախարարութեան կողմէ:
«Գոյացած այս համաձայնութիւնը մէկուն յաղթանակը եւ միւսին պարտութիւնը չի նշանակեր: Այս պարագային յաղթական դուրս եկած է լիբանանեան պետութիւնը, եւ օրէնքի տրամաբանութիւնն է, որ ի վերջոյ յաղթանակեց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը լուծուած է քաղաքական համաձայնութեամբ մը, որուն տարրերը ծանօթ են բոլորին:
Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին, որ յանձնառու է սահմանադրութեան ու պետական հաստատութիւններուն պաշտպանութեան եւ որուն կեցուածքով կարելի եղաւ պաշտպանել հաստատութիւնը: