Լոս Անճելըսի Տեղական Ընտրութիւններուն Հայերէնը Պաշտօնական Լեզու Պիտի Դառնայ

«Քոնթրա Քոսթա Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը 1 օգոստոսին որոշած է փուլային մօտեցում մշակել` հայերէնը, ռուսերէնը եւ պարսկերէնը տեղական քաղաքապետական ընտրութիւններուն իբրեւ պաշտօնական լեզուներ ներառելու համար:

Թէեւ քուէաթերթերը տակաւին այդ լեզուներով պիտի չըլլան, որովհետեւ ատիկա գումարներ կը պահանջէ, սակայն քաղաքը պիտի դիմէ տարբեր համայնքներուն` ընտրութիւններու համար փնտռելու այնպիսի աշխատողներ, որոնք կը խօսին այդ լեզուներով եւ պիտի առաջարկէ ընտրութիւններուն մասին տեղեկութիւններ այդ լեզուներով:

Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Ճուն Լեկմէյ հաղորդած է, որ ծրագիրը պիտի սկսի 2015-ին: Խորհուրդի անդամ Փոլ Կրեկորեան ըսած է, որ հայերէնը ամէնէն շատ տարածուած լեզուն է` անգլերէնէն, սպաներէնէն եւ քորէական լեզուէն ետք:

Խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի իր կարգին աւելցուցած է, որ քաղաքը կրնայ այլ լեզուներով տեղեկատուութիւն ներկայացնելով աւելցնել ընտրողներու մասնակցութիւնը:

«Վերջին ընտրութիւններուն նկատեցինք, որ կրնանք ընտրողներուն թիւը երկու հազարով աւելցնել հայերէն խօսող ընտրողներով», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )