Լեզուներ Եւ Ժողովուրդներ. Կուկըլ Կը Պաշտպանէ Աշխարհի Վտանգուած Լեզուները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՀՍԿԱՅԻՆ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ՔԱՅԼԸ

Վերջերս Կուկըլ բացումը կատարած է համացանցի վրայ տեղեկութիւններու փոխանակութեան բեմի մը` աւելի երկար դիմանալու առիթներ շնորհելու համար աշխարհի աւելի քան 3000 վտանգուած լեզուներուն:

Կայքը կը կոչուի endangeredlanguages.com եւ նպատակաուղղուած է բարելաւելու թուային (տիճիթըլ) աղբիւրներու փոխանակումը այն լեզուներով, որոնք կը գործածուին փոքր թիւով անձերու կողմէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ նաւահօ լեզուէն մինչեւ Սպանիոյ մէջ արակոներէնը, Հնդկաստանի մէջ` քորոն, եւ պուրունկերէնը` Թանզանիոյ:

«Ասիկա բոլորին դիմաց բաց բեմ մըն է, ուր ոեւէ մէկը կրնայ նիւթեր փոխանակել այն լեզուներով, որոնք կորսուելու վտանգը կը դիմագրաւեն», կ՛ըսէ  Մեքսիքայի մէջ Կուկըլի շուկաներու պատասխանատու Միկել Ալպա:

«Այսօր շուրջ 7000 լեզուներ կը խօսուին աշխարհի տարածքին, սակայն կը նախատեսուի, որ անոնց կէսը չկարենայ գոյատեւել ներկայ դարէն անդին», կ՛աւելցնէ Ալպա:

Կայքը հաստատողները կը յուսան, որ այս ձեւով աշխարհի տարբեր լեզուները քիչ մը զօրանան` զանոնք գործածող անձերուն միջեւ գրութիւններու, տեսերիզներու, լուսանկարներու եւ ձայնագրուած նիւթերու փոխանակութեամբ:

«Ընդհանրապէս վտանգուած լեզուները կը լքուին զանոնք խօսող անձերուն կողմէ, որովհետեւ հաղորդակցութեան դրական միջոց մը չեն նկատուիր եւ կը փոխարինուին տնտեսական կամ ընկերային գետնի վրայ աւելի արկածախնդրական լեզուներով», կ՛ըսէ մարդաբան Ֆրանսիսքօ Պարրիկա:

Սակայն, երբ մարդիկ տեսնեն, որ իրենց լեզուները դրական ձեւով կ՛արտացոլան աշխարհի լրատուամիջոցներուն մէջ, թերեւս մտածեն անոնց կորուստին նկատմամբ աւելի լուրջ վերաբերում ցուցաբերելու մասին, կը բացատրէ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES