ՍԱԼԵՀ ԻՆՔԶԻՆՔ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ, ԻՍԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՒԱԶԱԿ» ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ

Սուրերով զինուած ընդդիմադիրներ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ մայրաքաղաք Սանաայի Սապհին հրապարակին վրայ իր համակիրներուն դիմաց արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ ինք սահմանադրական օրինականութիւնը կը ներկայացնէ: Ան ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ստախօսներ ու աւազակներ անուանելէ ետք անոնց կոչ ուղղեց երկխօսութիւնը շարունակելու:

Միւս կողմէ` Սանաայի Ազատութեան հրապարակին վրայ շուրջ մէկ միլիոն ցուցարարներ Սալեհի հեռացումը պահանջող ցոյց մը կատարեցին:

Մինչ այդ, եմէնցի կրօնաւորներ եւ ցեղապետներ յայտնեցին, որ իրենք կը զօրակցին երիտասարդներու յեղափոխութեան պահանջներուն եւ Սալեհին կոչ ուղղեցին անմիջապէս հեռանալու իշխանութենէն, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովական մարմիններուն մէջ պաշտօններ ստանձնած անոր բոլոր ազգականները պաշտօնազրկելու:

 

Share this Article
CATEGORIES