ՓՈՒԹԻՆ ԵՏԻՆԱՅԱ ՌՈՍԻԱ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ իշխող Ետինայա Ռոսիա կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ 2012-ին նախատեսուած Ռուսիոյ ընտրութիւններուն ընթացքին իր առաւել հաւանական թեկնածուն Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինն է: «Նախագահական ընտրութիւններուն մեր կուսակցութեան կողմէ Վլատիմիր Փութինի թեկնածութիւնը մենք  կը նկատենք առաջնահերթ», ըսած է կուսակցութեան փոխնախագահ Եուրի Շուվալով:

Ետինայա Ռոսիա կուսակցութիւնը, որ Տումայի եւ բոլոր շրջաններու օրէնսդիր մարմիններուն մէջ մեծամասնութիւն է, 2008-ին Վլատիմիր Փութինը յայտարարած էր կուսակցութեան ղեկավար, թէեւ վերջինս պաշտօնապէս կուսակցութեան անդամ չէ:

«Պի.Պի.Սի.» նաեւ կը հաղորդէ, որ վերլուծաբանները բազմաթիւ անգամներ ընդգծած են, որ Ետինայա Ռոսիան ինքնուրոյն քաղաքական ուժ չէ եւ իրականութեան մէջ կը կատարէ իշխող զոյգին` նախագահ Տմիթրի Մետւետեւի եւ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հրահանգները: Մետվետեւ եւ Փութին կը հերքեն, թէ իրենց միջեւ որեւէ մրցակցութիւն կայ, եւ բազմաթիւ անգամներ հրապարակաւ խոստացած են, որ իրենք իրենց միջեւ պիտի որոշեն, թէ ով պիտի առաջադրուի 2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Սակայն երկու անձերուն միջեւ մրցակցութիւն մը նշմարելի է:

Մետվետեւ երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ ինք հաւանաբար պիտի փորձէ վերընտրուիլ եւ այս մասին վերջնական որոշումը պիտի որդեգրուի «բաւական մօտ ապագային»: Փութին յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց, որ ո՛չ ինք եւ ո՛չ Մետվետեւ չեն բացառեր իրենց մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն այս մասին որոշումը պիտի որդեգրուի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը մօտենալուն պէս: Այս յայտարարութենէն ետք Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեքով յայտարարեց, որ վարչապետի խօսքերը չեն բացառեր նաեւ երկուքին` Մետվետեւի եւ Փութինի կողմէ ընտրութիւններուն միաժամանակ մասնակցութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES