ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԼԻՊԻՈՅ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄԻՆՉԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ

Այշա Քազզաֆի

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները երէկ խոստացան Լիպիոյ մէջ իրենց զինուորական գործողութիւնները շարունակել, մինչեւ որ Մոամմար Քազզաֆի հեռանայ իշխանութենէն:

Ատլանտեանի երկու կողմերուն վրայ լոյս տեսած միացեալ յօդուածի մը մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեցին, որ Քազզաֆին իշխանութեան վրայ ձգելը լիպիացի ժողովուրդին «անխիղճ դաւաճանութիւն» մըն է: «Կարելի չէ մտածել, թէ մէկը, որ իր ժողովուրդը ջարդել փորձած է, կրնայ անոր ապագայ կառավարութեան մէջ դեր մը ունենալ», աւելցուցին անոնք:

Քազզաֆիի վարչակարգին հակադարձութիւնը արագ եղաւ: Անոր դուստրը` Այշա, Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քազզաֆիի հրաժարելու մասին խօսքերը բոլոր լիպիացիներուն ուղղուած անարգանք են, որովհետեւ Քազզաֆին Լիպիոյ մէջ չէ, այլ` բոլոր լիպիացիներուն սրտերուն մէջ»:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժերար Լոնկէ յայտնեց, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա կ՛ուզեն օդային հարուածներուն թիրախները ընդլայնելով ներառել Քազզաֆիի ուժերուն գումակային եւ ղեկավարման կեդրոնները:

Մինչ դաշնակիցները դատապարտեցին Միսրաթայի «միջնադարեան շրջափակումը», Քազզաֆիի ուժերը երէկ շարունակեցին քաղաքը ծանր ռմբակոծման ենթարկել: Միւս կողմէ, Քայիտայի ղեկավարութեան թիւ երկու դէմքը` Այման Զաուահիրի իսլամներուն կոչ ուղղեց Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն դէմ կռուելու: Ան նաեւ արաբական բանակներուն կոչ ուղղեց միջամտելով Քազզաֆին տապալելու:

 

Share this Article
CATEGORIES