ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանը ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ ցոյցերը ճնշելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին օժանդակելու յանցանքով:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հերքեց այդ լուրը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ ցոյցերը ճնշելու համար Սուրիոյ իշխանութեանց տրամադրուած իրանեան օժանդակութեան փաստերու գոյութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըրի յայտարարութիւնը «կատարելապէս անճիշդ» ամբաստանութիւն է, եւ աւելցուց. «Եթէ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ փաստեր կան, ինչո՞ւ զանոնք չի յայտարարեր»:
CATEGORIES Միջազգային