Շարպել Կ՛ուղղուի Եամմունէ Եւ Ցուցարարներէն Կը Խնդրէ Բանալ Ճամբաները

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ ուղղուեցաւ Եամմունէ, որուն մզկիթներէն մէկուն մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է Եամմունէի բնակիչներուն եւ ցուցարարներուն հետ, որոնք կը բողոքէին հաշիշի ցանքերուն փճացման դէմ:

Շարպել ընդգծեց, որ ինք խոստացած է Եամմունէի բնակիչներուն, որ այսօր կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկէ իրենց հարցը:

«Լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն ներկայութեան ես կը խոստանամ, որ այդ թղթածրարը լուրջ լուծման մը պիտի արժանանայ վաղը առաւօտեան», ըսաւ ան:

Շարպել յայտնեց, որ ինք երեք առաջարկներ պիտի ներկայացնէ` առանց հատուցումի առաջարկէն հրաժարելու, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ այլ ցանքերու կարելիութեան առաջարկը:

Շարպել ընդգծեց, որ ինք իրենց կացութիւնը կ՛ապրի 30 տարիէ ի վեր: Ան պահանջեց Եամմունէի բնակիչներէն բանալ փակ ճամբան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն աւելի պահանջուած յանցագործները թմրեցուցիչի պատճառով կը պահանջուին:

Նշենք, որ Եամմունէի բնակիչները անցեալ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն ճամբաները փակեցին անիւներ հրկիզելով` իբրեւ բողոք հաշիշի ցանքերուն փճացման դէմ:

Շաբաթավերջին Շարպել այցելեց Սայտա, ուր նախագահեց ապահովական տեղական խորհուրդին նիստին, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ Սայտայի ապահովական կացութեան վատթարացումը իր հետեւանքները պիտի ունենայ ամբողջ Լիբանանի վրայ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարը  շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին վաւերացնելու ընտրական օրէնքը եւ զայն փոխանցելու խորհրդարանին:

Ան աւելցուց, որ ինք հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնելու նպատակներ չունի` աւելցնելով, որ եթէ պայմանները արտօնեն, որ ինք ստանձնէ այդ պաշտօնը, ապա ինք ոչ մէկ հարց  ունի այդ իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES