Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներու Լուծման Նուիրուած Հանդիպում` Հասարակական Կազմակերպութեանց Ներկայացուցիչներու Հետ
2 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնած հասարակական կազմակերպութեանց եւ շարժումներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող գլխադասային պետական մարմինը սփիւռքի նախարարութիւնն է, ուր ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որ ուսումնասիրած է եւ կ՛ուսումնասիրէ սուրիահայերու կողմէ բարձրացուած հիմնախնդիրները:
Յակոբեան ներկայացուց վերջին շրջանին Հայաստան այցելած եւ սփիւռքի նախարարութեան դիմած սուրիահայերու կողմէ բարձրացուած հիմնախնդիրները` տեղեկացնելով, որ քանի մը օրէն` սահմանուած կարգով հրապարակուելէ ետք, ուժի մէջ կը մտնեն 26 յուլիսին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ընդունուած որոշումները, որոնց համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերը առաջին անգամ անձնագիր կրնան ստանալ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն, ինչպէս նաեւ սուրիահայերը այսուհետեւ այցեգիր կրնան ստանալ ոչ միայն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն, այլեւ Հայաստանի սահմանին վրայ:
Անդրադառնալով կրթութեան մարզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն` նախարարը նշեց, որ 30 յուլիսէն Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ Հայաստանի սփիւռքի եւ Հայաստանի» կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ջանքերով սկսած են արեւելահայերէնի դասընթացքները եւ կը քննարկուին որոշ դպրոցներու մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման դասընթացքներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:
Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան այլ հարցերու: Հանդիպման ընթացքին հասարակական կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու ներկայացուցիչները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին սուրիահայերու աջակցութեան համար մասնակցիլ նաեւ օդակայանին մէջ սուրիահայերու դիմաւորումին, անհրաժեշտութեան պարագային սուրիահայերուն տրամադրել իրաւաբանական խորհրդատուութիւն եւ հոգեբանի ծառայութիւններ:
Հանդիպման մասնակիցները միակամ էին ուժերու համախմբումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համակարգումով սուրիահայերու աջակցութեան աշխատանքներու կազմակերպման հարցին մէջ: