Հալէպի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը Տեղափոխուած Է

Սուրիահայութեան մատուցուող հիւպատոսական ծառայութիւնները աւելի գործնական եւ անվտանգ կազմակերպելու նպատակով` Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Հալէպի հայաբնակ շրջաններուն աւելի մօտ:

Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

«Կը հաստատեմ այդ տեղեկութիւնը. Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը տեղափոխուած է այլ տարածք», ըսած է ան:

Յայտնենք, որ արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի մէջ կը շարունակուին բախումները կառավարական ուժերուն եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )