Ողիմպիականներու 8-րդ Եւ 9-րդ Օրերը. Ըմբիշ Արսէն Ճուլֆալակեան Տիրացաւ Արծաթէ Մետալին.Հռիփսիմէ Խուրշուտեան` Պրոնզէ Մետալակիր
ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ոճի ըմբիշ Արսէն Ճուլֆալակեան (74 քկ) երէկ նուաճեց Հայաստանի երկրորդ մետալը: Կիսաւարտականին Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին յաղթելէ ետք, Ճուլֆալակեան հասաւ աւարտականին, որուն ընթացքին պարտութիւն կրեց իր ռուս մրցակից Վլասովէն` տիրանալով արծաթէ մետալին:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան պրոնզէ մետալ նուաճեց ողիմպիականներու ծանրաբարձութեան +75 քկ դասակարգի մրցաշարքին մէջ: Ասիկա Հայաստանի պատուիրակութեան առաջին մետալն է 30-րդ ողիմպիական խաղերուն մէջ:
«Հռիփսիմէ պայքարեցաւ իր յաղթանակին համար: Ասիկա արժանի է շնորհաւորութեան», ըսաւ Օգսէն Միրզոյեան:
ԼՈՆՏՈՆԻ ամառնային ողիմպիական խաղերուն 8-րդ օրը նուաճուեցան ախոյեանի 25 տիտղոսներ: Հայաստան ունեցաւ իր ներկայացուցիչը` յանձինս ծանրաբարձ Նորայր Վարդանեանի (94 քկ) , որ ի տարբերութիւն հայրենի նախորդ ծանրաբարձներուն, զերօ չստացաւ: Ան մրցաշարքին մէջ գրաւեց 11-րդ դիրքը: Այդ մարզաձեւին մէջ ողիմպիականի ախոյեանի տիտղոսը աշխարհի մրցանիշով երկրորդ անգամ նուաճեց Ղազախստանի ներկայացուցիչ Իլիա Իլին:
ՌՈՒՍԻԱՆ ներկայացնող բռնցքամարտիկ Դաւիթ Հայրապետեան հասաւ քառորդ աւարտականին` յաղթելէ ետք փորթոռիքացի Անթոնի Օրտիս Մարքանոյի: Քառորդ աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին: Դաւիթ Հայրապետեան պէտք է մրցի Սասունցի Դաւիթի նման` նկատի ունենալով, որ իր մրցակիցն է… թուրք Ֆերհատ Փեհլիվան, որ յաղթեց… Մսրայ Ռամի Աուատիի:
ԼՈՆՏՈՆԻ ողիմպիական խաղերուն մէկ քայլ ոստումի մարզին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արսէն Սարգսեան եւ Վարդան Փահլեւանեան չկրցան յաղթահարել պայքարը: Արսէն Սարգսեան լաւագոյն փորձի ատեն ցատկեց 7,62 մ եւ գրաւեց 25-րդ դիրքը, իսկ Վարդան Փահլեւանեան 6,55 մ ցատկելով վերջին հանդիսացաւ: Աւարտական փուլ հասնելու համար անհրաժեշտ էր 7,92 մ արդիւնքը:
ԱՆԴԱՄԱՀԱՏՈՒԱԾ, անդամալոյծ մարզիկ Օսքար Փիսթորիուս ողիմպիական պատմութիւն կերտեց 400 մեթր վազքին մասնակցելով եւ կիսաւարտականին հասնելով: Հարաւային ափրիկեցի մարզիկը 2011 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ պրոնզէ մետալ նուաճած էր 4×400 մ. մարզաձեւին մէջ:
ՆՈՒԱՃԵԼՈՎ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու թենիսի կիներու ախոյեանի տիտղոսը` ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ դարձաւ չորրորդ մարզիկը, որ յաջողեցաւ «Ոսկի սաղաւարտի» տիրանալ: Գերմանացի Շթեֆի Կրաֆի, ամերիկացի Անտրէ Աղասիի եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի նման Սերենա յաղթած է Ուիմպլտընի, Ռոլան Կարոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ ախոյեանութիւններուն, այժմ ալ` ողիմպիականին մէջ:
ՖՈՒԹՊՈԼԻ տղոց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները եղան հարուստ` բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ, բուռն պայքարով, կոլերով, դէպքերով եւ անխուսափելիօրէն… գունաւոր քարտերով: Ճափոն 3-0 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսի, որ հակառակ մրցումին ամբողջ երկրորդ կիսախաղը 10 մարզիկներով խաղալուն, բաւական նեղ կացութեան մատնեց Ճափոնը: Եգիպտացի Սաատ Սամեր առաջին կիսախաղին վերջին վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստացած էր: Մեքսիքա – Սենեկալ մրցումը իսկապէս մեծ բաւարարութիւն պարգեւեց 82 հազար ֆութպոլասէրներուն, որոնք լեցուցած էին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտը: Մրցումը աւարտեցաւ 4-2 արդիւնքով` ի նպաստ Մեքսիքայի: 90 վայրկեանները 2-2 արդիւնքով վերջ գտնելէ ետք, խաղը երկարաձգուեցաւ եւ Մեքսիքա նշանակեց 2 անպատասխան կոլ: Իրաւարարը 6 անգամ դեղին քարտ օգտագործեց:
Այլ հետաքրքրական, միջադէպերով, կոլերով եւ քարտերով ճոխ մրցում մըն էր Պրազիլ-Հոնտուրաս մրցումը: Հոնտուրաս նշանակեց առաջին կոլը` 12-րդ վայրկեանին: 33-րդ վայրկեանին հոնտուրասցի Քրիսանտօ յաջորդաբար գունաւոր քարտեր տեսաւ (երկու դեղին, ապա կարմիր), որմէ ետք Պրազիլի հաւասարութեան կոլը չուշացաւ: Երկրորդ կիսախաղը Հոնտուրաս սկսաւ վճռական եւ անմիջապէս նշանակեց երկրորդ կոլը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Նէյմար փենալթիի հարուածով նշանակեց Պրազիլի հաւասարութեան կոլը:
Հոնտուրաս տասը մարզիկներով դիւրին-դիւրին իր մորթը չտուաւ, հակառակ անոր որ Պրազիլ նշանակեց երրորդ կոլը: Մրցումի 90-րդ վայրկեանին հոնտուրասցի Էսփինոզա, որ նշանակած էր երկրորդ կոլը, կարմիր քարտ ստացող երկրորդ մարզիկը եղաւ այդ խաղին, որ յատկանշուեցաւ նաեւ 9 դեղին քարտերով:
Մեծն Բրիտանիա – Հիւսիսային Քորէա մրցումը թէեւ նախորդ երեք խաղերուն մակարդակը չունեցաւ, սակայն նոյնքան եւ աւելի հետաքրքրական եղաւ: Անգլիացի Ռամզի եղաւ Բրիտանիոյ խումբին օրուան հերոսն ու դաւաճանը: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեցին քորէացիք, ապա Մեծն Բրիտանիա 5 վայրկեանի մէջ երկու փենալթի ձեռք ձգեց, իսկ Ռամզի անոնցմէ առաջինը կոլի վերածեց, երկրորդը` ոչ: Մրցումին 90 վայրկեանները առաւել երկարաձգման 30 վայրկեանները վերջ գտան հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ փենալթիներու, որոնց արդիւնքը եղաւ 5-4 ի նպաստ Հիւսիսային Քորէայի: Այսպիսով, կիսաւարտականին պատկերը հետեւեալն է.
Պրազիլ – Հիւսիսային Քորէա
Մեքսիքա – Ճափոն
Մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` երեքշաբթի, 7 օգոստոսին:
ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ խաղերուն 9-րդ օրը` երէկ, 23 տիտղոսներ նուաճուեցան: Հայաստանը ներկայացուցին յունահռոմէական ըմբիշ Արսէն Ճուլֆալակեան, ծանրաբարձ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան եւ հրաձիգ Նորայր Պախտամեան:
ՍԵՐԵՆԱ եւ Վինըս Ուիլիըմզ քոյրերը նուաճեցին թենիսի կիներու զոյգերու ողիմպիական ախոյեանի տիտղոսը` յաղթելէ ետք Չեխիոյ ներկայացուցիչներուն (6/4, 6/3):
Թենիսի տղոց ախոյեանութիւնը նուաճեց Անտրէ Միւրէյ, աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Ռոժէ Ֆետերերը:
ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ` ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
1.- Չինաստան 30 17 14 61
2.- Մ. Նահանգներ 27 14 15 56
3.- Մեծն Բրիտանիա 16 10 10 36
4.- Հիւսիսային Քորէա 10 4 6 20
5.- Ֆրանսա 8 7 9 24
Լուսինը` Ողիմպիական Օղակներուն Ընկերակից
Լոնտոնի ողիմպիական 30-րդ խաղերը զուգադիպեցան լիալուսինին: Անգլիական օրաթերթի մը լուսանկարիչը որսացած է պահը, երբ լիալուսինը «ընկերակցած» է Լոնտոնի կամուրջէն կախուած ողիմպիական հսկայ օղակներուն: Հրաշալի լուսանկարը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին միջոցով անմիջապէս դարձած է համացանցի ամէնէն տարածուածը:
Մետաղադրամ` Ա. Գալստեանի Անունով
Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատունը պիտի հրապարակէ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ախոյեաններու ոսկի մետալ նուաճած մարզիկներու անունով մետաղեայ դրամներ: Այս մասին յայտարարեց նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի ժիւտոյիստ Արսէն Գալստեան նուաճած է Ռուսիոյ առաջին ոսկի մետալը:
Ազգային Հերոսի Կոչում Վենեզուելացի Ախոյեանին
Ողիմպիական խաղերուն մէջ ոսկի մետալ նուաճած վենեզուելացի սուսերամարտիկ Ռուբէն Լիմատրօ ազգային հերոսի կոչում կը ստանայ: Այս մասին յայտարարեց Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզ: Բացի ատկէ, մարզիկը կը ստանայ Սիմոն Պոլիվարի սուրերու կրկնօրինակը: Լիմատրօ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի նախագահին եւ յայտարարեց, որ իր նուաճած ոսկի մետալը կը պատկանի ամբողջ ժողովուրդին:
Վենեզուելա վերջին անգամ ողիմպիական ոսկի նուաճած էր 1968 թուականին:
Ֆետերեր Հանգիստի Պէտք Ունի
Թենիսի մարզաձեւին մէջ աշխարհի թիւ 1 դասուած Ռոժէ Ֆետերեր մերժեց մասնակցիլ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունենալիք թենիսի Ռոճըրզ բաժակի մրցաշարքին, որ սկսաւ 4 օգոստոսին:
30-ամեայ զուիցերիացի Ռոժէ ֆետերեր Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու թենիսի աւարտականին այսօր կը մրցի բրիտանացի Էնտի Մուրէյի հետ:
«Կը ցաւիմ, որ չեմ կրնար մասնակցիլ Թորոնթոյի մրցաշարքին: Ես շատ կը սիրեմ քաղաքն ու քանատացի համակիրները: Սակայն այսպիսի երկարատեւ մրցումներէ ետք հանգիստի պէտք ունիմ», ըսաւ Ռ. Ֆետերեր:
Ալիեւ Լոնտոն Մեկնեցաւ Իր Մարզիկներուն
«Դաս» Տալու
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աշխատանքային այցելութեամբ 3 օգոստոսի երեկոյեան Լոնտոն մեկնած է: Այսպիսի պաշտօնական տեղեկութիւն հրապարակեց նախագահին մամլոյ գրասենեակը:
Սակայն, ըստ պաշտօնական այլ աղբիւրներու, ատկէ օր մը առաջ Ալիեւ շատ դժգոհ մնացած է ազրպէյճանցի մարզիկներու ելոյթներէն եւ Լոնտոն մեկնած է մարմնամարզի նախարարութեան, Ազրպէյճանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի եւ պատուիրակութեան անդամները խստիւ պախարակելու եւ անոնց «դաս» տալու համար:
Հովին Հետ Գնաց…
Թենիսի կիներու մետալներու պարգեւատրման ատեն հովը քշեց տարաւ Միացեալ Նահանգներու դրօշը, որ կը բարձրանար ի պատիւ Սերենա Ուիլիըմզի յաղթանակին: Միջադէպը միայն ժպիտ յառաջացուց: Բողոքողներ չեղան: Նոր դրօշ չբարձրացուցին եւ անգլիական ճշդապահութեամբ պարգեւատրութիւնը աւարտեցին ճիշդ ժամանակին, մինչ ոմանք յիշեցին Քլարք Կէյպըլի խաղարկութեամբ հռչակաւոր ժապաւէնը` «Կան ուիտ տը ուինտ»: