Երեւան. Բարձրացի՛ր, Բարձրացուր
Երեւանի մէջ` Ազատութիւն հրապարակէն սկսաւ հայկական սկաուտական շարժումի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական բանակումը:
Բանակումին բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առնելով` Համաշխարհային սկաուտական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտ մասնաւորաբար նշեց, որ մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ հայկական սկաուտութեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական բանակումի բացման արարողութեան, որուն կարգախօսն է. «Նոր հարիւրամեակ, նոր սերունդ եւ նոր կարելիութիւններ»:
Փանիսոտ հայ սկաուտներուն փոխանցեց աշխարհի 161 երկիրներէն աւելի քան 30 միլիոն սկաուտներու ողջոյնները եւ նշեց, որ աւելի քան 30 միլիոն մարդիկ միացած են սկաուտութեան երդման` հակառակ անոր որ կ՛ապրին տարբեր երկիրներու մէջ, ունին տարբեր պատմութիւններ եւ աւանդութիւններ, կը դաւանին տարբեր կրօններ:
«Ես ասիկա կ՛անուանեմ սկաուտութեան հրաշքը: Երբեք մի՛ մոռնաք, որ դուք ոչ միայն սկաուտ էք ձեր երկիրներուն մէջ, այլեւ դուք համաշխարհային ընտանիքի անդամներ էք: Սկաուտութեան հրաշք է նաեւ հայկական սկաուտութեան դրսեւորումը` իր ճկունութեամբ եւ տարբեր միջավայրերու մէջ զարգանալու ունակութեամբ: Որովհետեւ հայկական սկաուտութիւնը գոյութիւն ունեցաւ ոչ միայն անկախ Հայաստանի մէջ, այլեւ ան գոյատեւեց հայկական սփիւռքի մէջ, տարբեր կազմակերպուածութեան պայմաններու մէջ», ըսաւ Լիւք Փանիսոտ:
Ան նաեւ աւելցուց, որ սկաուտութիւնը շարժում մըն է, որ հարուստ է փորձառութեամբ եւ նուաճումներով, որ պատրաստած է եւ պիտի շարունակէ պատրաստել առաջնորդներ` հասարակութեան բոլոր մակարդակներուն համար:
«Մենք կ՛արծարծենք, կը քննարկենք համաշխարհային խնդիրներ, բայց ատիկա կ՛ընենք համայնքներու մակարդակով: Երիտասարդութիւնը երկրի ապագան է, եւ երիտասարդներուն ուղղուած ներդրումները ուղղուած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի զարգացման: Ես համոզուած եմ, որ կենսունակ երիտասարդութեան զարգացման եւ արագ փոփոխուող մեր աշխարհին մէջ անոր այժմէականութեան պահպանման միջոցով, սկաուտութիւնը վստահօրէն կը մասնակցի ամուր, տեղական, ազգային եւ միջազգային համայնքներու կայացման եւ զարգացման յաջորդ հարիւրամեակին եւ ատոր յաջորդող հարիւրամեակներուն ընթացքին», նշեց Համաշխարհային սկաուտական շարժումի ընդհանուր քարտուղարը:
Բացման արարողութեան նաեւ ներկայ էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իսկապէս հաճոյք է 100-ամեակի առիթով գտնուիլ Հայաստանի հողին վրայ, նաեւ սեփական բանակավայրին մէջ կայացնել 100-ամեակին նուիրուած բանակումը:
«Կը շնորհաւորեմ հայ սկաուտի 100-ամեակը եւ յոյս ունիմ, որ շատ հարիւրամեակներ կը յաջողինք նուաճել իբրեւ ժողովուրդ եւ իբրեւ ազգ», ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան:
Նաեւ ընթերցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արման Քարամեանի ուղերձը` բանակումի մասնակիցներուն:
ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–Ի ԱԿՈՒՄԲԻ ԲԱՑՈՒՄ
Հայ սկաուտութեան 100-ամեակին նուիրուած բանակումի բացումէն անմիջապէս ետք, նաեւ բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնական գրասենեակը, որ կը գտնուի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից: Գրասենեակը պիտի դառնայ սկաուտներու հաւաքատեղի-ակումբ եւ պիտի գործէ իբրեւ կեդրոնական գրասենեակ:
Բացման պաշտօնական արարողութեան նաեւ ներկայ էին սփիւռքի մէջ գործող հայկական սկաուտական տարբեր կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի անդամ պետութիւններու սկաուտական ազգային կազմակերպութիւններէն:
Համաշխարհային սկաուտական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Հայաստանի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեան միասին կտրեցին կարմիր երիզը եւ պաշտօնապէս նշեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ակումբի բացումը:
http://www.yerkirmedia.am/?act=news&lan=hy&id=8870

