ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԺԳՈՀ ԵՆ ՊՐԱՅԶԱՅԷՆ

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի դէմ արշաւի սկսած են, որովհետեւ վերջինս քննադատած է իշխանութիւններու գործողութիւնները` 2 ապրիլին ընդդիմութեան կայացուցած հանրահաւաքի մասնակիցներուն դէմ:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Ազրպէյճանի խորհրդարանի վերջին նիստին ընթացքին Մայր հայրենիք կուսակցութեան ղեկավարը Պրայզան «հայամէտ» անուանած է, իսկ իշխող Ենի Ազրպէյճան կուսակցութեան գործադիր քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը գնահատած է իբրեւ միջամտութիւն Ազրպէյճանի ներքին գործերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES