ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ԳԵՐԻՆ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Այս տարուան 17 մարտին գերիներու փոխանակման ժամանակ հայկական կողմէն Ազրպէյճանին յանձնուած Անուար Հաճիեւը իր երկրին մէջ կը մեղադրուի հայրենիքի դաւաճանութեան յանցանքով:
Հաճիեւ Հայաստանի մէջ գերի էր մայիս 2009-էն: Ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանին վերադարձուելէ ետք անոր նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ, առաջադրուած է մեղադրանք եւ Հաճիեւ ընդունած է իր մեղքը, թէեւ յստակ չէ, թէ ան ի՛նչ մեղք գործած է:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ տակաւին երկու ազրպէյճանցի ռազմագերիներ կան, իսկ Ազրպէյճանը գերութեան մէջ կը պահէ Հայաստանի 12 քաղաքացիներ:
CATEGORIES Հայկական