Բժշկագիտական. Լօռերուն Պարունակած Մանրէներուն Բնախմորները Կրնան Կասեցնել Ակռաներուն Փտելու Գործընթացը….

Պատրաստեց՝ ՍՒԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Յուլիսի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ կարգ մը տեսակի լօռերու պարունակած մանրէներուն բնախմորները ակռաները մաքրող բաղկացուցիչներուն եւ կամ բերանը հականեխող հեղուկներուն մէջ ներառելը կրնայ շատ աւելի լաւ ձեւով  պաշտպանել ակռաները:

Մասնագէտները ըսած են, թէ նշեալ բնախմորները կրնան պաշտպանել նոյնիսկ ակռաներուն միջեւ գտնուող այն սեղմ բաժինները, որոնց մէջ աղտ կը հաւաքուի` ակռաները խոզանակելով հանդերձ:

Տարրալուծարանին մէջ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ այդ բնախմորները կարողութիւնը ունին թափանցելու ակռաներուն միջեւ եղող սեղմ բաժիններուն մէջ կուտակուած աղտերուն մէջ եւ ոչնչացնելու այնտեղերը բոյն դրած ակռաները փտեցնող մանրէները:

Բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Նիք Ճաքուպովիքս ըսած է, թէ գոյութիւն ունեցող ակռայի դեղերը սովորաբար կը վերցնեն ակռաներուն շուրջ հաւաքուած աղտերը, որոնք կը պարունակեն ակռայ փտեցնող մանրէները: Սակայն նշեալ դեղերը միշտ ալ ազդեցիկ չեն` նկատի ունենալով, որ ակռաներուն միջեւ գտնուող սեղմ բաժիններուն մէջ, ուր յաճախ ակռայի դեղը չի թափանցեր, աղտը կը մնայ` իրեն հետ պահելով նաեւ ակռայ փտեցնող մանրէները եւ այդ պատճառով ալ իրենց ակռաները կանոնաւոր կերպով խոզանակող մարդոց մօտ նոյնիսկ կրնայ ակռաներուն փտութիւն յառաջանալ:

Ակռաները Ամբողջութեամբ Վնասակար
Մանրէներէն
Զերծ Պահող Բնախմորները

Տոքթ. Ճաքուպովիքս ըսած է, թէ լօռերուն պարունակած մանրէներուն բնախմորները հետաքրքրականօրէն ոչնչացուցած են ակռաները փտեցնող տարբեր տեսակի մանրէները:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ ակռաներուն վնասող մանրէներուն բջիջները ոչնչանան, ապա անոնց պարունակած ծիները դուրս կը սպրդին եւ իրենց շուրջ կենսամաշկ մը կազմելով` կը կպչին ակռաներուն եւ, այդպիսով, կը շարունակեն փտեցնել ակռաները: Այսուհանդերձ, լօռերուն պարունակած մանրէներուն բնախմորները կարողութիւնը ունին ոչնչացնելու նաեւ կենսամաշկով պահուած այդ վնասակար ծիները:

Տոքթ. Ճաքուպովիքս ըսած է, որ թէեւ այդ բնախմորները չեն մաքրեր ակռաներուն աղտը, սակայն անոնք կարողութիւնը ունին թափանցելու ակռաներուն տարբեր բաժիններուն մէջ եւ ոչնչացնելու ակռաները փտեցնող մանրէները:

Հետեւաբար, երբ կարելի ըլլայ այդ բնախմորները ակռայի դեղերուն, ինչպէս  նաեւ բերանը հականեխող հեղուկներուն մէջ ներառել, ապա կարելի կ՛ըլլայ թէ՛ ամբողջութեամբ ձերբազատիլ ակռաները փտեցնող մանրէներէն, եւ թէ ակռաներուն շուրջ յառաջացող աղտերէն:

Տոքթ. Ճաքուպովիքս անհրաժեշտ նկատած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` նախքան այդ բնախմորներով ակռայի դեղեր եւ կամ բերանը հականեխող տարբեր հեղուկներ պատրաստելն ու զանոնք մարդոց մատչելի դարձնելը:

(Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )