Բժշկագիտական. Ասիոյ Մէջ Արտասովոր Տարողութեամբ Բարձրացած Է Կարճատեսութենէ Տառապող Աշակերտներուն Թիւը

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Մայիսի կէսերուն աւստրալիացի ու բրիտանացի մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ Ասիոյ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ապրող վերջին երկու սերունդներուն մօտ արտասովոր տարողութեամբ բարձրացած է կարճատեսութենէ տառապող աշակերտներուն թիւը:

Մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ նշեալ աշակերտներուն իւրաքանչիւր հինգէն մէկը տեսողութեան լուրջ տկարութիւն ունենայ եւ նոյնիսկ` կուրնայ:

Մասնագէտներուն համաձայն, աշակերտներուն մեծամասնութեան մօտ կարճատեսութեան յառաջացման պատճառը ա՛յն եղած է, թէ անոնք երկար ժամեր դասարանային աշխատանքներով զբաղած են եւ բաւարար ժամանակ չեն անցուցած արեւուն տակ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող աւստրալիացի մասնագէտ փրոֆ. Իան Մորկան ըսած է, թէ նախապէս հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ մարդոց 20-30 առ հարիւր համեմատութիւնը միայն կը տառապէր կարճատեսութենէ: Նշեալ տարողութիւնը երկար ատեն անփոփոխ մնացած է, սակայն յանկարծակիօրէն աճ արձանագրած է վերջին երկու սերունդներուն մօտ:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, ներկայիս արեւելեան Ասիոյ մէջ ապրող մարդոց աւելի քան ութսուն առ հարիւր համեմատութիւնը կը տառապի կարճատեսութենէ, իսկ անոնց իննսուն առ հարիւր համեմատութիւնը աշակերտներ են:

Զբօսանքի Անբաւարար Ժամեր

Փրոֆ. Մորկան բացատրած է, թէ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ ապրող աշակերտները իրենց ժամանակին մեծ մասը դպրոցին մէջ կ՛անցընեն` դասապահերէն ետք սերտելով ու իրենց տան պարտականութիւնները պատրաստելով: Նշեալ աշխատանքները արդէն իսկ բաւական կը յոգնեցնեն աչքերը, սակայն օրական 2-3 ժամ բացօթեայ ժամանակ անցընելը կը նպաստէ առողջ աչքերու պահպանման:

Մասնագէտներուն համաձայն, արեւուն ճառագայթները կը բարձրացնեն աչքերուն մէջ տոփամին կոչուած քիմիական նիւթին տարողութիւնը, որ իր կարգին կը կասեցնէ ակնագունդին երկննալը` այդպիսով առաջքը առնելով կարճատեսութեան յառաջացման վտանգին:

Մասնագէտները նշած են, թէ օրական 2-3 ժամ դասարաններէն դուրս բացօթեայ ժամանակ անցընելը բաւարար է` աշակերտներուն աչքերը հանգչեցնելու համար: Անոնք ըսած են նաեւ, թէ պայման չէ, որ շատ արեւոտ ըլլայ` տոփամինին տարողութիւնները բարձրանալու համար. այսուհանդերձ, նոյնիսկ ամպոտ օդը բաւարար է` տոփամինին տարողութիւններուն վրայ ազդելու:

Փրոֆ. Մորկան ըսած է, թէ հարաւարեւելեան Ասիոյ վարժարաններուն մեծամասնութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը հինգ կը պահէ իր աշակերտութիւնը: Այսուհանդերձ, կէսօրին աշակերտները կ՛ունենան ճաշի դադար, որմէ ետք` մրափի ժամ: Հետեւաբար նշեալ ժամերուն անոնք կը զրկուին այն անհրաժեշտ լոյսէն, որ պիտի նպաստէր կարճատեսութեան յառաջացման վտանգին կասեցման: Թէեւ աշակերտները կ՛ունենան բացօթեայ զբօսանքներ, սակայն կրթական հեւքոտ ծրագիրին պատճառով կարճ կ՛ըլլայ անոնց տեւողութիւնը եւ, հետեւաբար, անոնց ընթացքին աշակերտներուն հասած արեւուն լոյսը բաւարար չ՛ըլլար` իրենց աչքերը հանգստացնելու:

Ծինային Ազդակը` Երկրորդական

Մասնագէտները մտահոգութիւն յայտնած են այն մասին, թէ կարճատեսութիւն ունեցող աշակերտներուն 10-20 առ հարիւր համեմատութիւնը բարձր աստիճանի կարճատեսութենէ կը տառապի, ինչ որ կրնայ առաջնորդել տեսողութեան լուրջ տկարացման եւ նոյնիսկ` կուրութեան:

Տասնամեակներ շարունակ մասնագէտներ տարբեր ուսումնասիրութիւններու միջոցով ցոյց տուած են, թէ ծինային ազդակը ուշագրաւ դերակատարութիւն ունի կարճատեսութեան յառաջացման վրայ: Այսպէս, օրինակ, ընդհանրացած է ա՛յն կարծիքը, թէ ճափոնցիներն ու չինացիները գլխաւորաբար հակամէտ եղած են կարճատեսութեան յառաջացման վտանգին: Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութիւնը այլ տեսակէտ մը ցոյց տուած է: Այսպէս, օրինակ, Սինկափուրի մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով չինացիներ ու հնդիկներ, որոնք թէեւ տարբեր ցեղերու կը պատկանին, սակայն բոլորին մօտ ալ հաւասարապէս կարճատեսութիւն յառաջացած է:

Փրոֆ. Մորկան ըսած է, թէ կարելի չէ ամբողջութեամբ զանց առնել ծինային ազդակը, սակայն անիկա կարճատեսութիւն յառաջացնող գլխաւոր ազդակը չէ նկատուած իր կողմէ: Ան նշած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ կարճատեսութենէ տառապող աշակերտներուն թիւին արտասովոր արագութեամբ աճը կարելի չէ բացատրել ծինային պարունակին մէջ` նկատի ունենալով, որ ծիները այնքան ալ արագօրէն (միայն երկու սերունդներու մէջ) փոփոխութեան չեն ենթարկուիր:

Արեւը` Անհրաժեշտ

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ բրիտանացի մասնագէտներ բաղդատական մը կատարած են Աւստրալիոյ ու հիւսիսային Իրլանտայի մէջ կարճատեսութենէ տառապող մանուկներուն միջեւ: Բրիտանացի մասնագէտ Քաթրին Սաունտըրզ ըսած է, թէ կարճատեսութենէ տառապող իրլանտացի մանուկներուն թիւը աւելի եղած է աւստրալիացի կարճատես մանուկներէն, շատ հաւանաբար քանի որ այս վերջինները համեմատաբար աւելի երկար ատեն արեւուն տակ մնացած են, քան` իրլանտացի մանուկները:

Թէեւ մասնագէտ Սաունտըրզ անհրաժեշտ նկատած է նշեալ ծիրին մէջ կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ, բայց եւ այնպէս ան յանձնարարած է, որ մանուկները աւելի երկար ժամանակ անցընեն արեւուն տակ, մասնաւորաբար` ձմրան, երբ այնքան ալ կիզիչ չեն ըլլար արեւուն ճառագայթները:

(Օգտատործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES