Լեռնային Ղարաբաղի Դիրքերուն Մէջ Ականի Մը Պայթումէն Զինուոր Մը Վիրաւորուեցաւ
Նախանցեալ օր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ, ականի պայթումի պատճառով ժամկէտային զինուոր Սէյրան Գէորգեան (ծնեալ` 1992-ին) ձախ ոտքի կրունկը վիրաւորած է:
Զինուորը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ ենթարկուած վիրահատութեան: Անոր վիճակը կայուն ծանր է, կը տեղեկացնէ բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը:
CATEGORIES Հայկական

