«Մենք Սուրիոյ Մէջ Մտահոգ Ենք Անորոշութենէն Եւ Բաժանումէն» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, սուրիահայութեան իրականութեան, Լիբանանի քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն:

Ընտրական առումով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանգիստ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ եւ ան բաց է քաղաքական բոլոր ընտրանքներուն` նպատակ ունենալով հասնիլ ընդարձակ դաշինքներու:

Լիբանանեան իմաստով, Յ. Բագրատունի ողջունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան` Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին մասնակցելու առումով դրական կեցուածքը, աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ յառաջիկայ 16 օգոստոսին Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի գումարուի:

Ան աւելցուց, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պիտի ներկայացնէ երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան իր պատկերացումը, որ պիտի քննարկուի ներկաներուն կողմէ:

«Լիբանան համախոհութեան երկիր է եւ համախոհութիւնը հիմնուած կ՛ըլլայ երկխօսութեան վրայ: Հետեւաբար պէտք չկայ աւելորդ լարուածութիւններ գրգռելու եւ ապա Ազգային երկխօսութեան նիստին զանոնք ջրելու, ինչպէս նաեւ քաղաքական այս կամ այն ուժին կողմէ պէտք չէ որ նախապայմաններ առաջադրուին», ըսաւ Յ. Բագրատունի` կոչ ուղղելով բոլորին համեստ եւ ժուժկալ մնալու իրենց յայտարարութիւններուն մէջ:

Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն բոլորին հետ ալ յարաբերութիւններ ունի եւ հանդիպումներ կ՛ունենայ ու միտքեր կը փոխանակէ` հաւատալով, որ Լիբանանի նման համախոհական երկրի մը մէջ կարելի չէ ուրիշը ջնջել:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլիի Լիբանան այցելութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ այցելութեան պատգամը յստակ է` զօրակցութիւն թէ՛ Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութիւն եւ թէ՛ Դիմադրութեան:

Ժալիլիի այցելութիւնը քննադատող նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութեան պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ օրին, երբ ան վարչապետ էր, բացառիկ կերպով դրական այցելութիւն մը ունեցած էր դէպի Թեհրան: «Այո՛, թերեւս քաղաքական պայմանները փոխուած են ներկայիս, սակայն քաղաքական ուժերը պէտք է չափ ու սահման ունենան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ, որովհետեւ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ տակաւին դիւանագիտական յարաբերութիւններ կան եւ հանրապետութեան նախագահութեան մակարդակի լաւ յարաբերութիւններ կան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Իրան  շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային եւ արաբական պատուիրակ Քոֆի Անան շեշտած էր, թէ Իրանը պէտք է հաշուի առնել:

Միւս կողմէ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապէն շրջանի բոլոր երկիրները ժխտական կերպով պիտի ազդուին, ըլլայ ան Յորդանանը, Լիբանանը, Թուրքիան թէ Իրանը:

Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն տագնապին առաջին օրէն իսկ համոզուած էր, որ Սուրիոյ դէմ այս հարուածին նպատակը բարեկարգումներու իրականացումը չէ, այլ` բաժանումը եւ միջարաբական խլրտումներն ու բախումները, որպէսզի Իսրայէլ կարենայ հանգիստ կերպով ապրիլ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիա շրջանին մէջ ամերիկեւիսրայէլեան առանցքին դէմ պայքարող երկիրներու շղթային հզօրագոյն օղակը կը նկատուի եւ այդ պատճառով է, որ ան թիրախ կը դառնայ:

Երեսփոխան Բագրատունի նաեւ նշեց, որ ՀՅԴ Սուրիոյ մէջ նոր վարչակարգի մը գոյութեամբ մտահոգ չէ, այլ մտահոգ է անորոշութենէն եւ յատկապէս շրջանին բաժանումէն:

Անդրադառնալով սուրիական վարչակարգին իշխանութեան ընթացքին սուրիահայութեան վիճակին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը գոհ էր եւ հանգիստ, որովհետեւ ունէր կրօնի եւ լեզուի ազատութիւն, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ մարմնակրթական մարզերուն մէջ աշխուժ կեանք: Ան աւելցուց, որ սուրիահայութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ օրինականութեան` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայը Սուրիոյ մէջ ապաստան գտաւ ու դարձաւ այդ երկրին լիիրաւ քաղաքացին եւ պաշտպանեց Սուրիան ու Սուրիոյ արժանապատուութիւնը` պայքարելով Իսրայէլի դէմ:

«Տակաւի՛ն, Սուրիոյ մէջ մեր գոյութիւնը կ՛երթայ մինչեւ հին ժամանակները, երբ ո՛չ սուրիական վարչակարգ կար եւ ո՛չ ալ օսմանցիներ կային: Փաստը այն է, որ մենք Սուրիոյ մէջ ունինք ԺԴ., ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու եկեղեցիներ», ըսաւ ան:

Ապահովական առումով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հալէպի մէջ հայերը հեռու են այն շրջաններէն, ուր բախումներ կ՛արձանագրուին` հերքելով այն յայտարարութիւնները, թէ սուրիահայութեան մեծ հոսք մը կայ դէպի Լիբանան եւ Հայաստան:

Ան նշեց, որ միայն 650 սուրիահայ քաղաքացիներ մեկնած են Հայաստան` Սուրիա վերադառնալու միտքով. այսինքն` անոնք գաղթական չեն նկատուիր:

«Մենք բոլոր քաղաքացիներուն համար մտահոգ ենք եւ կը փափաքինք, որ նոյնիսկ եթէ վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկուի, պէտք է բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ յարգանք տածել եւ բոլոր քաղաքացիները իրենց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն առումով հաւասար նկատել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Հայաստանի քաղաքացիութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատուներէն ստանալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա պարզապէս դիւրութիւն տալու նպատակով եղած է եւ քաղաքական ոչ մէկ խորք ունի:

Հալէպի մէջ արձանագրուած բախումներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բախում է եւ ոչ թէ միջսուրիական: Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա մնայուն կերպով կը նկատէ, որ Հալէպն ու Քերքուքը թրքական հողեր են եւ այդ մտայնութեամբ ալ Հալէպի հետ իր սահմաններէն զինեալ եւ զէնք ու զինամթերք կը մատակարարէ Սուրիա:

«Նման կացութեան մը առջեւ գտնուելով` մենք անշուշտ կը փափաքինք, որ Սուրիան յաղթական դուրս գայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` Հալէպի բախումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով:

Երեսփոխան Բագրատունի ակնարկեց նաեւ Ալեքսանտրէթի շրջանին` հաստատելով, որ ինք սուրիական բարձրաստիճան աղբիւրներէ իմացած է, թէ Դամասկոս այդ շրջանը տակաւին սուրիական հող կը նկատէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )