50 Տարի Առաջ ( 8 Օգոստոս 1962 )

Տեղական Լուրեր

Խորհրդարանը Նոր Արտակարգ Նստաշրջանի Մը
Հրաւիրուեցաւ 7-17 Օգոստոս

Գերեզմանատուները Մօտ Ատենէն
Պէյրութէն Դուրս Պիտի Փոխադրուին

Թաքսի-Սերվիսներու Նոր Կայանները
Անփոփոխ Պիտի Պահուին

Երէկ առտու, հանրապետութեան նախագահին հետ մօտ մէկ ժամ ունեցած իր տեսակցութենէն ետք, խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ ծանուցեց, թէ կառավարութիւնը որոշած է երեսփոխանական ժողովը արտակարգ նոր նստաշրջանի մը հրաւիրել օգոստոս 7-17:

Ս. Համատէ, որ աւելի ետք պիտի այցելէր վարչապետ Քարամէի, յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահին պարզած է այն պայմանները, որոնց ներքեւ տեղի ունեցան նախորդ նստաշրջանները:

Շարունակելով իր յայտարարութիւնները` Ս. Համատէ ըսաւ, թէ հեռագրով ժողովի պիտի կանչէ երեսփոխանները: Առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի առտու եւ պիտի յատկացուի կառավարութեան ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ վիճաբանութիւններու:

Ի պատասխան հարցում մը, Ս. Համատէ ըսաւ, թէ վարչապետը այ առթիւ պիտի կարդայ յայտարարութիւն մը` ներքին եւ արտաքին մարզերու մէջ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան մասին:

 

Ժոմպլաթի Յայտարարութիւնը

Ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ օտարներու Լիբանանի մուտքի եւ բնակութեան վերաբերեալ վերջերս հրատարակուած նոր օրէնքի մասին:

«Առաջին անգամ ըլլալով` Լիբանան բնակող օտարները մարդահամարի պիտի ենթարկուին: Մինչեւ հիմա բնաւ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր կը բնակին օտարականները եւ ինչպէ՞ս մտած են Լիբանան:

«Լիբանան գործնապէս հանդիպման վայրն էր Միջին Արեւելքէն, Փոքր Ասիայէն, Եւրոպայէն եւ այլ տեղերէ եկած հազարաւոր օտարականներու: Լիբանանի մէջ կան 300-400.000 օտարներ, որոնցմէ շատեր` կասկածելի կը բնակին, ո՛ւր որ կ՛ուզեն եւ իրենց ուզածիս պէս կը գործեն:

«Առաջին անգամ ըլլալով` օտարներու Լիբանան մուտքն ու բնակութիւնը պիտի կանոնաւորուի»:

 

Գերեզմանները Պէյրութէն Դուրս

«Վերջնականպէս որոշեցինք գերեզմանները շատ մօտ ատենէն մայրաքաղաքէն դուրս փոխադրել», յայտարարեց ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ ժողով մը ունենալէ ետք:

Ժողովի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ փողոցներու մաքրութիւնը յանձնակատարի մը վստահելու խնդիրը: Մասնաւոր յանձնախումբ մը ներկայիս կը պատրաստէ այս գործողութեան պայմանները:

 

Երթեւեկի Խնդիրը

Երթեւեկի յանձնախումբը ժողով գումարեց երէկ` նախագահութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննիի, ի ներկայութեան իր զեկուցաբերին, ոստիկանութեան տնօրէն հազարապետ Ազիզ Ահտապի եւ այլ պատասխանատուներու:

Յանձնախումբը քննեց թաքսի-սերվիսներու կարգ մը շարժավարներուն կողմէ ներկայացուած աղերսագիրները, որոնք կը բողոքէին նոր կայաններու վայրերուն համար:

Խնդիրը իր բոլոր կողմերով երկարօրէն քննելէ ետք, յանձնախումբը որոշեց մերժել բոլոր այն պահանջները եւ որեւէ փոփոխութիւն չմտցնել նախապէս եղած կարգադրութեան մէջ:

 

Հայ Կեանք. Հայաստան

 Երկրին Ընդերքին
Հարստութիւնները

Երեւանի կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուած է Հայաստանի ընդերքի հարստութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս մը, ուր զետեղուած են վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Հայաստան եւ այլուր հրատարակուած հանքաբանական գիրքեր` մեր երկրին հանքերուն վերաբերեալ:

Հայ երկրաբանները ցարդ յայտնաբերած են 30 տեսակ հանածոներու աւելի քան 200 հանքեր եւ 300-է աւելի զանազան հանքային աղբիւրներ, որոնց մեծ մասը ունի բուժիչ յատկութիւն: Մեր երկիրը յատկապէս հարուստ է շինաքարերով: Երեւանի երկրաբանական թանգարանը ունի հանքատեսակներու եւ շինանիւթերու աւելի քան եօթը հազար նմուշներ եւ տարատեսակներ, զորս գիտնականները հաւաքած են Հայաստանի այլ եւ այլ շրջաններէն:

Share this Article
CATEGORIES