Շարափովա Պոլսոյ Մէջ Պիտի Չպսակուի

Թենիսի մարզաձեւին մէջ աշխարհի թիւ 3 դասուած Մարիա Շարափովա հերքեց այն լուրերը, թէ իր եւ թրքական «Էֆես Պիլսեն» պասքեթպոլի ակումբի սլովենացի մարզիկ Սաշա Վույաչիչի պսակադրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ անոնք պիտի ամուսնանան 10 նոյեմբերին` Թուրքիոյ մէջ:

«Ատոնք բոլորը ըսի-ըսաւներ են: Ես չեմ ծրագրեր իմ պսակադրութեան արարողութիւնս կայացնել Պոլսոյ մէջ», յայտարարեց Շարափովա:

Չէ՞ք կարծեր, որ այս որոշումը վարակիչ պէտք է դառնայ իրենց մեղրալուսինը կամ արձակուրդը Անթալիա եւ Մարմարիս անցընելու մասին մտածող մեր հայրենասէր հայրենակիցներուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )