Այլ Մարզական Լուրեր
ԼՈՆՏՈՆԻ ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր, Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Արսէն Գալստեան (ժիւտօ) ներկայ պիտի գտնուի Ռուսիոյ ախոյեանութեան խառն մենամարտին: Պատուոյ հիւրերու շարքին պիտի ըլլայ նաեւ ամերիկացի դերասան Սթիւըն Սիկալ: Ռուսիոյ անդրանիկ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ` 11 օգոստոսին: Կ՛ակնկալուի, որ մրցաշարքին նաեւ ներկայ ըլլայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
CATEGORIES Մարզական

