Այնճարի Մէջ Կրտսեր Պատանիներու Բանակումը Պաշտօնապէս Բացուած Է
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի պատանեկան միութիւններու բանակավայրին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ կրտսեր պատանիներու տարեկան բանակումին:
Բանակումը նուիրուած է Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակին, իսկ բանակող պատանիներուն խումբերը կը կրեն Խանասորի արշաւանքը կազմակերպած ղեկավարներուն եւ այդ արշաւանքին ընթացքին նահատակուած հերոսներուն անունները:
2012-ի տարեկան բանակումին կը մասնակցին 10 պատանեկան միութիւններէ 89 պատանիներ, որոնք բաժնուած են չորս խումբերու:
Չորս տարբեր խումբերուն անուններն են` «Նիկոլ Դուման», «Խանասորայ Վարդան», «Իշխան» եւ «Կարօ», իսկ չորս խումբերուն մաս կազմող պատանիները կը կրեն չորս գոյնի թի-շըրթներ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ մոխրագոյն:
Կրտսեր պատանիներուն բանակումին ընթացքին կը տիրէ խանդավառ մթնոլորտ եւ կարգապահութիւն:
Նշենք, որ բանակումը կ՛աւարտի կիրակի,12 օգոստոս 2012-ին:

