Այնճար. Վերջին Հրաժեշտ` Գերապայծառ Վարդան Եպս. Աշգարեանի

Երկուշաբթի, 6 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, Այնճարի հայութիւնը խմբուած էր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` դիմաւորելու համար իր հարազատ գիւղի հողին վերադարձող, Վիեննա մահացած Հ. Վարդան եպս. Աշգարեանը:

Իրենց վերջին յարգանքը արտայայտելու եկած էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, գիւղի հոգեւոր պետերը, մարմիններու ներկայացուցիչներ, Վիեննայի Մխիթարեաններու աբբահայր Հ. Պօղոս վրդ. Գուճանեան եւ հոծ բազմութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը հնչեցուց Շոփենի մահերգը, մինչ սկաուտ-արենուշներ կեցան ի պատուի:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորոգութեան պատճառով: Յետ յուղարկաւորութեան դամբանական խօսքեր արտասանեցին աբբահայր հ. Պօղոս վրդ. Գուճանեան` Մխիթարեան միաբանութեան անունով, գերյարգելի հ. Յովսէփ վրդ. Թօփալեան, Եսայի Հաւաթեան` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով, Ժան Ասմար` Հազմիէի քաղաքապետութեան անունով, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ եւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Բոլոր խօսք առնողները բարձր գնահատեցին գերապայծառ Աշգարեանի աւելի քան 50 տարիներու ծառայութիւնը` անդրադառնալով գերապայծառի աշխատանքներու տարբեր մարզերուն` գրական-մշակութային, եկեղեցական, կրթական:

Յանուն Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան «Փրկութեան խաչի դրօշակիր» շքանշանով յետ մահու պատուեց գերապայծառ Աշգարեանը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Աշգարեան ընտանիքէն ներկայացուցիչ մը եւ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան (Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ), որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, նամակով, հեռաձայնով եւ ներկայութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած են գերապայծառի վախճանման առիթով: Հ. Թոփալեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, որոնք օժանդակեցին գերապայծառի թաղման:

Յետ եկեղեցական արարողութեանց, գերապայծառին մարմինը դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն ուսամբարձ եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:

Թաղման կարգէն ետք, ցաւակցութիւնները ընդունուեցան հայ կաթողիկէ «Աղաճանեան» սրահին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )