Երկու Հայ Զոհ` Հալէպի Բախումներուն Ընթացքին

Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ երէկ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն շարքին կը յիշատակուին հայազգի երկու քաղաքացիներ, որոնք բախումներուն մասնակից դարձած են կամաւորութեան սկզբունքով եւ անհատական նախաձեռնութեամբ` անդամագրուելով իբրեւ հասարակական կամաւորներ:

Զոհերուն մէջ են 1957-ի ծնունդ Վիգէն Ղազար Քալաճեան եւ ուրիշ մէկն ալ, որուն տուեալները կը ճշդուին: Մկրտիչ անունով հայ մըն ալ վիրաւորուած է: Յստակացած է, որ անոնք զինուորական ծառայութեան մէջ չեն եղած եւ անհատական նախաձեռնութեամբ մասնակցած են հասարակական կարգի պաշտպանութեան եւ բախումներու մասնակից դարձած են:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան հաստատեց, որ տեղի ունեցած կրակոցները ուղղուած չեն հայերուն դէմ: Վիճակը հանդարտելէ ետք միայն կրնանք զրուցել հայերուն հետ: Հակառակ անոր որ այս յարձակումները ուղղուած չեն հայերուն դէմ, սակայն բախումները կրնան վտանգաւոր ըլլալ նաեւ հայերուն համար:

Ռէյիսեան հերքեց նաեւ Հալէպի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ գործունէութեան դադրեցման մասին լուրերը` հաւաստիացնելով, որ անիկա կը շարունակէ գործել եւ փակուելու մասին խօսք անգամ չկայ: «Պարզապէս այս իրավիճակին մէջ եկեղեցի այցելողներ չկան», ըսաւ Ռէյիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )