Յունաստանի Ոստիկանութիւնը Հինգ Հազար Անօրինական Ներգաղթեալ Ձերբակալած Է
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ յունական ոստիկանութիւնը Յունաստանի մէջ ապօրինի կերպով ապաստանած ներգաղթեալներու դէմ յատուկ գործողութիւն մը կատարած է, որուն իբրեւ արդիւնք շուրջ հինգ հազար մարդ ձերբակալած է:
Այն ներգաղթեալները, որոնք Յունաստանի մէջ գտնուելու իրաւունք չունին, պիտի ուղարկուին իրենց հայրենի երկիրները:
Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ Սուրիոյ տագնապը կրնայ Միջին Արեւելքէն ներգաղթեալներու ներհոսքի նոր ալիքի պատճառ դառնալ:
Նշենք, որ անօրինական ներգաղթեալներու աւելի քան 80 առ հարիւրը Եւրոպական Միութեան տարածք մուտք կը գործեն Յունաստանի ճամբով:
CATEGORIES Միջազգային