Ըստ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան ՔԱԿ Ասատէն Զէնքեր Կը Ստանայ

Էօմեր Չելիք

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահի ընդհանուր օգնական Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ «Թուրքիա հաստատ տեղեկութիւններ ունի, թէ սուրիական վարչակարգը անջատողական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան Հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին եւ Քոպանի քաղաքները յանձնելու ընթացքին անոր ծանր զէնքեր յանձնած է»:

Կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Չելիք Ատանայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ իր ըսածին փաստը այն է, որ Շեմտինլիի մէջ ՔԱԿ-ի գործած յարձակումը իր ձեւով եւ բնոյթով մինչեւ հիմա նշեալ կուսակցութեան գործած յարձակումներէն տարբեր էր: Ան նշեց, որ ՔԱԿ յստակ եւ բացայայտ կերպով փորձած է շրջանին տիրել, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ յարձակումին ետին այլ կազմակերպութիւն մը կը կանգնի:

Չելիք նշեց, որ ՔԱԿ ներկայիս կը ջանայ ինքզինք իբրեւ «Արաբական գարնան» բնական շարունակութիւնը ցոյց տալ, որովհետեւ կ՛ուզէ օրինականութիւն շահիլ:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ ՔԱԿ-ի եւ շրջանի ժողովուրդներու արդար պահանջներուն միջեւ որեւէ կապ չկայ` յայտնելով, որ նշեալ կուսակցութեան պահանջները իրենց բնոյթով եւ ձեւով շրջանի այլ բռնատէրերու պահանջներէն տարբեր չեն:

Նշենք, որ ՔԱԿ-ի զինեալները 19 տարբեր կէտերէ համակարգուած յարձակում գործած են թրքական տարբեր ստորաբաժանումներու դէմ, սպաննած շուրջ 100 թուրք զինուորներ, 40 վայրկեանով գրաւած 170 զինուորներ ունեցող Կեչիմլի զօրակայանը եւ գրաւած քսան միաւոր զինատեսակ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )