«Իրան Դիմադրութեան Առանցքի Քանդումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Ժալիլի

Ժալիլի եւ նախագահ Ասատ

Մինչ հաղորդուեցաւ, որ Դամասկոսի մէջ իրանցի 48 ուխտաւորները առեւանգած կողմը կը սպառնայ սպաննել զանոնք, եթէ սուրիական բանակը իր յարձակումները չդադրեցնէ: Իրանի արտաքին գործոց  նախարարութիւնը Սուրիական ազատ բանակն ու Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց 48 առեւանգեալներուն ապահովութեան` հերքելով այն լուրերը, թէ անոնցմէ երեքը սուրիական բանակի մէկ յարձակումին ընթացքին սպաննուած են:

Թեհրան այս հարցով Իրանի մէջ ամերիկեան շահերուն հսկող Զուիցերիոյ դեսպանատան ճամբով պաշտօնական նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներուն:

Իրան նաեւ Քաթարէն ու Թուրքիայէն պահանջեց իրանցի առեւանգեալներու ապահովութիւնը պահպանելու հարցով իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնիլ  եւ անոնց ազատ արձակման համար աշխատանք տանիլ:

Թրքական «Զաման» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներու կողմէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Անգարա այցելութենէն ժամեր առաջ Թուրքիոյ հասցէին կատարուած ամբաստանութիւններով եւ սպառնալիքներով լեցուն յայտարարութիւնները:

Նշենք, որ իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Հասան Ֆէյրուզ Ապատի Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Թուրքիան պատասխանատու նկատած էր Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան` զգուշացնելով, որ «այդ երկիրները կրնան Քայիտայի ահաբեկչութեան տարածման զոհը դառնալ»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ Սայիտ Ժալիլի Պէյրութէն Դամասկոս ուղղուեցաւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ժալիլի Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ «բոլոր անոնք, որ Սուրիոյ մէջ զինեալներուն կ՛աջակցին, ահաբեկչութեան գործընկերներ են»:

Ասատ Ժալիլիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ ազգային երկխօսութիւնը եւ իր ժողովուրդի կամքին շնորհիւ կարողութիւնը ունի դիմադրութեան առանցքը թիրախ դարձնող արտաքին ծրագիրները ձախողութեան մատնելու: Ան նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը վճռակամ են երկիրը ահաբեկիչներէ ձերբազատելու:

Ժալիլի իր կարգին Ասատին յայտնեց, որ «Իրան պիտի չարտօնէ քանդումը դիմադրութեան առանցքին, որուն մէկ մկանն է Սուրիան»: «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, ներքին հարց մը չէ, այլ` դիմադրութեան առանցքին եւ շրջանին ու աշխարհի վրայ այդ առանցքի թշնամիներուն միջեւ ճակատում մը»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Ժալիլիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին դատապարտեց Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական արարքները` վստահեցնելով, որ Դամասկոս իր ներուժը պիտի օգտագործէ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած իրանցիներու ազատ արձակման համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ կէսօրէ ետք անակնկալ կարճատեւ այցելութեամբ մը Անգարա հասաւ` քննարկելու համար Դամասկոսի մէջ առեւանգուած իրանցիներու հարցը:

Մինչ այդ, Ազրպէյճան յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը կը փակէ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իլման Ապտելիեւ յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմի բոլոր անդամները բախումներուն պատճառով հեռացած են Սուրիայէն: «Սուրիոյ մէջ ազրպէյճանցի քաղաքացիներ չկան եւ դեսպանատան անձնակազմին վերադարձի թուականը անորոշ է», նշեց Ապտելիեւ:

Միւս կողմէ, Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ սուրիական բանակը Զապիր մզկիթը իր վերահսկողութեան տակ առաւ: Երէկ բուռն բախումներ տեղի ունեցան նահանգապետարանի շէնքին, Սաատալլա Ժապերի հրապարակի շրջանին, Շարհիյա երկրորդական վարժարանի, ինչպէս նաեւ Աշրաֆիյէ, Ժալա եւ Վիլլեթ (Վիլլաներ) թաղամասերուն մէջ:

Հալէպահայերը «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին «Հալէպի լրատուական ցանց» էջին վրայ շտապ յայտարարութիւն տարածած են, որուն մէջ սուրիական կառավարութիւնը հայաբնակ Ժալա թաղամասի բնակչութեան կոչ կ՛ուղղէ` ականջ չտալ շրջանէն հեռանալու կասկածելի կոչերուն: Արաբերէնով տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Յոյժ շտապ յայտարարութիւն, յատկապէս Ժալա թաղամասի բնակիչներուն համար: Շրջանէն հեռանալու որոշ առաջարկներ կան: Մեկնելով բնակիչներու եւ անոնց գոյքի անվտանգութենէն` անոնց կը յորդորենք տեղի չտալ այդ մտքերուն, մնալ տուներուն մէջ, դուրս չգալ եւ այդպէս պահպանել իրենց անվտանգութիւնը, ապահովութիւնն ու առաջնորդուիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներով եւ ոչ թէ լրատուական կայքերով»:

Յայտարարութեան տակ կը նշուի, որ «քիչ առաջ» թաղամասի տարածքին մէջ օդային հարուածներ եղած են:

Հալէպի մէջ գործող զինեալները նաեւ փորձած են գրաւել հայաշատ Շէյխ Թահա թաղամասին մօտ գտնուող կառավարական շէնքերէն մէկը, որուն արգելք հանդիսացած են կառավարական ուժերը: Շուրջ երկու ժամ տեւած գործողութիւնը վերջ գտած է, երբ իշխանութիւնները օդուժ կիրարկած են եւ ետ մղած զինեալները:

Հալէպի մէջ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է Սուրիական ազատ բանակի մարտական հրամանատարը: Միաժամանակ թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ նշեալ գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած է նաեւ ազգութեամբ թուրք փաստաբան Օսման Քարահան, որ ժամանակին Քայիտայի անդամներու դատապաշտպանը եղած էր: Ան ամիսներ առաջ Սուրիա մեկնած է եւ անդամակցած զինեալ խմբաւորումներուն:

Միւս կողմէ, իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 15 զինուորական մեքենաներէ եւ ուղղաթիռէ մը բաղկացած թրքական ուժ մը մուտք գործած է սուրիական Ճարապլոս քաղաքը: Հիւսիսային իրաքեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ այդ ուժերը ուղղուած են Եփրատ գետի մէկ կղզիին վրայ գտնուող Ժաապար դղեակը` այդտեղ թրքական պահակագունդի հերթափոխութեան համար: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը նշեց, որ Ճարապլուսի հարաւը եւ Հալէպի արեւելքը գտնուող այդ դղեակը ըստ 1921-ին թուրք-ֆրանսական համաձայնութեան մը սուրիական հողերուն մէջ թրքական տարածք մը կը նկատուի, որովհետեւ Օսման Ա. սուլթանի շիրիմը այդտեղ կը գտնուի, իսկ նշեալ պահակագունդը այդ շիրիմը կը պահպանէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES