Վ. Սապունճեան Ընդունեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց դրամատնային մարզի ֆինանսաւորումին բարելաւման կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սապունճեան ողջունեց Սալամէի այցելութիւնը` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը իրենց միջեւ կատարուած շարք մը հանդիպումներուն շարքին կը գտնուի:
Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շարք մը տնտեսական եւ ազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ճարտարարուեստի մարզը բարելաւելու հեռանկարներ: Ան աւելցուց, որ ինք եւ Սալամէ նոյն տեսակէտները կը բաժնեն այդ իմաստով:
Նախարար Սապունճեան բարձր գնահատեց ճարտարարուեստի մարզին յատուկ վարկերու փոխատուութիւնը, որ Կեդրոնական դրամատան նախաձեռնութիւնն էր` աւելցնելով, որ իրենք արթուն կը հսկեն երկրին տնտեսական կացութեան եւ կը ջանան կարելիութեան սահմաններուն մէջ պահպանել երկրին արդիւնաբերութեան մարզը:
Իր կարգին, Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իր կարելին կ՛ընէ նեցուկ կանգնելու համար ճարտարարուեստի յատուկ ծրագիրներու ֆինանսաւորման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճումը: