Զօր. Աուն. «2013-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը Խորհրդարանին Յանձնելու Ժամկէտը Յարգելը Անհրաժեշտ Է»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքին վաւերացումը` երկիրը 13 ընտրաշրջանի բաժնելով, Պքերքէի մէջ հանդիպող պատասխանատուներուն պահանջն էր:
Ան նշեց, որ թէեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը խորհրդարան փոխանցուած է, սակայն պէտք է նշել, որ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը իր կարգին պէտք է յանձնուի` յարգելով անոր համար ճշդուած ժամկէտը, որ այս ամսուան աւարտն է:
Այս առումով զօր. Աուն յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի պէտք է նախարարութեան պատասխանատու անձնակազմին մէջ փոփոխութիւններ կատարէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

