«Եթէ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցը Չլուծուի, Լիբանանի Մէջ Թուրքերը Իրենք Զիրենք «Հիւրեր» Թող Նկատեն» Շեշտեց Շէյխ Զղէյպ

Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ ուղղուեցան թրքական դեսպանատուն, ուր անոնք նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով արտաքին գործոց նախարարէն իր մօտ հրաւիրել Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ անոր խիստ ոճով փոխանցել անհրաժեշտ պատգամը:

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ եթէ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը չլուծուի, ապա Լիբանանի մէջ թուրքերը «հիւրեր» պիտի նկատուին, ճիշդ այնպէս ինչպէս է առեւանգուած լիբանանցիներուն պարագան:

Ան նշեց, որ այս թղթածրարը ազգային հարց է եւ Մարտ 14-ի ու Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պէտք է նպաստեն առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծման:

Շէյխ Զղէյպ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին իր ջանքերուն համար, սակայն աւելցուց, որ նախագահը իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով չէ կատարած:

Շէյխ Զղէյպ աւելցուց նաեւ, որ առեւանգեալներուն հարազատները մագլցողական քայլեր պիտի առնեն նաեւ Քաթարի դեսպանատան առջեւ:

Առեւանգեալ լիբանանցիներուն հարազատները յայտնեցին, որ իրենք որեւէ ատեն կրնան փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան:

Միւս կողմէ, առեւանգեալ լիբանանցիներէն մէկուն` Հասան Օմարի զաւակը` Ալի Օմար երէկ ընկերակցութեամբ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատուիրակութեան, իսկ առեւանգեալ Ալի Զղէյպի զաւակը` Ատհամ Զղէյպ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Թուրքիա,  ուրկէ անոնք պիտի անցնին Հալէպ` հանդիպելու համար իրենց հայրերուն հետ:

Անոնք մաղթեցին իրենց հարազատներուն հետ վերադառնալ Լիբանան` նկատել տալով, որ իրենք լիբանանցիներու առեւանգումին պատասխանատու Ապու Իպրահիմի հրաւէրին է, որ կ՛ընդառաջեն:

 

Share this Article
CATEGORIES