Կառավարութիւնը Վաւերացուց Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքը

Վարչապետ Միքաթի եւ նախագահ Սլէյման` կառավարութեան նիստին ընթացքին

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Նիքոլա Սահնաուի, Մարուան Խէյրէտտին, Շաքիպ Քըրթպաուի, Ուալիտ Տաուք, Մոհամետ Սաֆատի եւ Նազեմ Խուրի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին շարունակեց ընտրական օրէնքի քննարկումը եւ վաւերացուց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որուն հիման վրայ Լիբանանը կը բաժնուի 13 ընտրաշրջանի:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ կիներու ներկայացուցչութեան չափաբաժինը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանէ մէկ կին թեկնածու կրնայ ներկայանալ:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը վաւերացուած է բոլոր նախարարներուն համախոհութեամբ, բացի Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներէն, որոնք մերժած են այդ դրութիւնը` աւելցնելով, որ վաւերացուած ընտրական այս օրէնքը պիտի փոխանցուի խորհրդարան:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը չէ քննարկուած կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքին համաձայն, ընտրաշրջանները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով.

ՊԷՅՐՈՒԹ

Հիմնական երկու ընտրաշրջաններ, որոնք են.

– Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մուտաուար, Մարֆա, Սայֆի եւ Պաշուրա (9 երեսփոխան)
– Ռաս Պէյրութ, Տար Մրեյսէ, Մինա Հոսն, Զոքաք Պլաթ, Մազրաա եւ Մսայթպէ (10 երեսփոխան)

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հիմնական երկու ընտրաշրջաններ, որոնք են.

– Սայտա, Սուր, Ժեզզին եւ Զահրանի (12 երեսփոխան)
– Պընթ Ժպէյլ, Նապաթիէ, Մերժահիուն եւ Հասպայա (11 երեսփոխան)

ՊԵՔԱԱ

Հիմնական երեք ընտրաշրջաններ, որոնք են.

– Զահլէ (7 երեսփոխան)
– Ռաշայա եւ Արեւմտեան Պեքաա (6 երեսփոխան)
– Պաալպեք – Հերմել (10 երեսփոխան)

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հիմնական երեք ընտրաշրջաններ, որոնք են.

– Աքքար, Մընիէ եւ Տըննիէ (10 երեսփոխան)
– Թրիփոլի (8 երեսփոխան)
– Զղարթա, Պշարրէ, Քուրա եւ Պաթրուն (10 երեսփոխան)

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆ

Հիմնական երեք ընտրաշրջաններ, որոնք են.

– Պաապտա եւ Մեթն (14 երեսփոխան)
– Ժիպէյլ եւ Քեսրուան (8 երեսփոխան)
– Շուֆ եւ Ալէյ (13 երեսփոխան)

 

 

Share this Article
CATEGORIES